Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դպրոցը` Հայակերտումի Եւ Մարդակերտումի Հիմք

April 5, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ամէն անգամ որ գաղութ մը այցելելու առիթը կ՛ունենամ, կ՛ուզեմ նաեւ այցելել հոն գործող հայկական դպրոցները: Կը տեսնեմ, թէ որքա՛ն անփոխարինելի է հայ դպրոցին դերը հայակերտումի եւ մարդակերտումի գործընթացին մէջ` սփիւռքեան իրականութիւններուն համար:

Եւ պարագան նոյնն է Պոլսոյ Պէյօղլուի շրջանին մէջ գործող Եսայեան վարժարանին, ուր առիթ ունեցայ այցելել երեքշաբթի, 24 մարտ 2025-ին, ընկերակցութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Յարութիւն վրդ. Տամատեանի: 1895 թուականին հիմնուած այս վարժարանը այսօր տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` շնորհիւ անոր ետին ամուր կերպով կանգնած խնամակալ մարմիններուն, բայց նաեւ` տնօրէնուհիին եւ խումբ մը նուիրեալ հայ ուսուցիչներու:

Դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները` շա՜տ… Բայց հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ` սփիւռքեան ո՛ր գաղութի մէջ չկան ազգային մեր կեանքերուն վերաբերող այդ բոլոր դժուարութիւնները… Բայց հայուն կամքը կը յաղթէ այդ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ կը գտնէ ելքը` շարունակելու համար այս նուիրական ծառայութիւնը: Եսայեան վարժարանը մէկ լաւագոյն ապրող օրինակներէն է, ուր հայուն առաքելութիւնը, իմա` նուիրական ծառայութիւնը, կենդանի է: Հայկական Պոլսոյ մէկ ապրող վկայութիւնն է այս վարժարանը` իր աշխուժ տեսլականով:

Տնօրէնուհիին ու ուսոցչական կազմի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումներուս զուգահեռ, շրջագայեցայ դպրոցի տարբեր բաժինները եւ դասարանները: Չեմ գիտեր, թէ պատահականութի՞ւն էր, թէ՞ այլ բան, բայց ներկայ եղայ դասարաններուն մէկուն կրօնի եւ բարոյագիտութեան դասապահին: Շատ քաջալերական էր լսել եւ տեսնել հայ աշակերտներուն տածած լրջութիւնը նիւթին եւ արժեւորումը անոր: Խօսեցանք միասին Աստուածաշունչի կարեւորութեան մասին` ներառելով հայերէն Աստուածաշունչը` իբրեւ հիմք քրիստոնէական մեր հաւատքին, մեր պատմութեան եւ մշակութային արժէքներու գիտակցութեան: Ճիշդ է, որ հայակերտումը շատ կարեւոր է, բայց նոյնքան նաեւ մարդակերտումը` իր հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու գիտակցութեամբ:

Եսայեան վարժարանի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ եւ ուսուցչակազմի անդամներ` Արփէն Չինար, Մարալ Էպէօղլու Սաթար, Նատին Պէրպէրեան եւ Անի Քալայլի, կը շարունակեն մեծ հաւատքով եւ նուիրումով հայակերտումի եւ մարդակերտումի այս նուիրական առաքելութիւնը Պոլսոյ մէջ: Շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք անոնց ծառայութիւններուն համար`  ըսելով. «Ձեր վարձքը կատար»:

Հայուն պատմութիւնը կը շարունակուի, երբ հայ նոր սերունդը կը կերտենք իբրեւ մարդ ու հայ: Իսկ հայ դպրոցը հայակերտումի եւ մարդակերտումի ամուր հիմքն է, ուր հայուն կեանքը պիտի կարենանք դնել պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ:

Մարտ 2025

Նախորդը

Հայ Ժողովրդական-Աշուղական Երգերու Բարձրորակ Համերգ` Կատարողութեամբ Վարդան Բադալեանի, Արփիի Եւ Ալիա Սեդրաքեանի

Յաջորդը

Գրասենեակի Մը Պատմութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

October 2, 2026
Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը
Անդրադարձ

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

October 2, 2026
Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.