Շաբաթ օր 75-59 արդիւնքով յաղթելէ ետք Չեմփսին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս երեքշաբթի գիշեր Շիյահի դաշտին վրայ կրցաւ 53-78 արդիւնքով յաղթել տեղւոյն Պէյրութ Ֆըրսթին, որ անցեալ տարուան փոխախոյեանն էր:
Մրցումը շատ հաւասարակշռուած սկսաւ, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս գրեթէ չկրցաւ արգիլել Պէյրութի կողովները եւ 24-24 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեց առաջին մասը: Բ. մասին ՀՄԸՄ Անթիլիաս միայն 11 կէտ կրցաւ նշանակել, բայց բաւարար էր այդ թիւը` նկատի ունենալով, որ Պէյրութ միայն 8 կէտ կրցաւ նշանակել:
Կիսախաղի դաշտէն ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լաւ յարձակողական խաղ մը կիրարկեց, նոյն պահուն ալ լաւ ձեւով զսպելով մրցակիցի «բանալի» մարզիկները: ՀՄԸՄ Անթիլիաս 29 կէտ նշանակեց, իսկ Պէյրութ` 11:
Արդէն իսկ գրեթէ ապահոված մրցումին արդիւնքը, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ իշխած էր մրցումին վրայ, բաւական հանդարտեցուց մրցումին ընթացքը եւ 14-10 արդիւնքով յառաջ մնալով մրցումը աւարտեց 78-53 արդիւնքով:
Ճիլիըն Արչըր յաջորդաբար 3-րդ մրցումը ըլլալով շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ եւ նշանակեց 26 կէտ` 8 ռիպաունտի կողքին:
Տանիելլա Ֆայյատ իր կարգին 19 կէտ նշանակեց (4 յաջող 3 կէտնոց կողովներու օգնութեամբ)` ձեռք ձգելով 5 ռիպաունտ:
Փերլա Պու Նասր վերջապէս յաջող ելոյթ մը ունեցաւ եւ նշանակեց 15 կէտ: Ճաքայրա Էլըն 12 կէտ աւելցուց:
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Ազուր, որ 1 պարտութիւն ունի: Եթէ ՀՄԸՄ Անթիլիաս այս ձեւով խաղայ, անպայման կրնայ յաղթել Ազուրին, որ իր միակ պարտութիւնը կրած էր Ռիատիէն:
Նշենք, որ 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով Ազուր 77-21 արդիւնքով յաղթած էր Անդրանիկին, իսկ Ռիատի 67-52 արդիւնքով յաղթած էր Մթայլեպին:
Նոյն հանգրուանին գծով, այսօր Չեմփս պիտի հիւրընկալէ Սփորթինկ Պքեննեյան, իսկ վաղը Հուփս` Էն. Էս. Էյ.-ը:


