Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օվերչուք. «Հայաստանը Պէտք Է ԵԱՏՄ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Ընտրութիւն Կատարէ. Կարելի Պիտի Չըլլայ 2 Աթոռի Վրայ Նստիլ»

March 28, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը պէտք է ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընտրութիւն կատարէ. կարելի պիտի չըլլայ երկու աթոռի վրայ նստիլ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:

Ան ընդգծած է, որ եթէ Երեւանը Եւրոպա կ՛երթայ, ապա անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել Ռուսիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւններու ամբողջ համալիրը:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը 26 մարտին երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ որդեգրեց «Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթի մեկնարկի մասին» օրէնքի նախագիծը:

«Ես կարդացած եմ օրէնքի բովանդակութիւնը, որ որդեգրուած է: Անիկա կողմ է ամէն ինչին, որ լաւ է, դէմ` ամէն ինչին որ վատ է, կիրարկուած են ընդհանուր բառեր: Ասիկա Հայաստանի ներքին հարցն է: Իրականութեան մէջ մենք կը հասկնանք, որ թէ՛ ԵԱՏՄ-ն, թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը ունին նման օրակարգեր: Եւ հետեւաբար, երկիրը, ի հարկէ, պէտք է որոշէ եւ այս ընտրութիւնը կատարէ: Որովհետեւ կարելի պիտի չըլլայ միաժամանակ երկու աթոռի վրայ նստիլ, ատիկա ամբողջովին հաստատ է», ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը:

«Մենք կը տեսնենք, որ Հայաստանը կը շարունակէ աշխուժօրէն աշխատիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ, եւ այսօր ան իր դրական ներդրումը կ՛ունենայ եւրասիական համարկման գործին մէջ: Մեր կողմէ, ի հարկէ, մենք ուշադիր կը հետեւինք հոլովոյթներուն: Մենք կը հասկնանք, որ եթէ Հայաստանը Եւրոպա երթայ, ապա, համապատասխանաբար, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել այս երկրին հետ տնտեսական յարաբերութիւններու ամբողջ համալիրը: Եւ, ցաւօք, ասիկա պիտի ազդէ Հայաստանի մէջ մարդոց կենսամակարդակին վրայ, ինչ որ, ի հարկէ, մենք իսկապէս չէինք ցանկար», աւելցուցած է Օվերչուք:

 

Նախորդը

Աբիսողոմեան. «Համաձայնագիրի Ստորագրման Պահէն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Գործունէութեան Կարիք Պիտի Չըլլայ»

Յաջորդը

Զախարովա. «Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Ղեկավարները Մնայուն Կապի Մէջ Են, Բազմակողմանի Քաղաքական Երկխօսութիւնը Կը Շարունակուի»

RelatedPosts

Երեւանի Մէջ Քննարկուած Են Հայաստան-Իրան  Յարաբերութիւններուն Վերաբերող  Եւ Շրջանային Հարցեր
Հայկական

Երեւանի Մէջ Քննարկուած Են Հայաստան-Իրան Յարաբերութիւններուն Վերաբերող Եւ Շրջանային Հարցեր

January 10, 2026
Չեղեալ Յայտարարուած Են Հալէպ – Երեւան  Եւ Հակառակ Ուղղութեամբ Թռիչքները
Հայկական

Չեղեալ Յայտարարուած Են Հալէպ – Երեւան Եւ Հակառակ Ուղղութեամբ Թռիչքները

January 10, 2026
Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.