Երէկ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամիի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած են շրջանային ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթի ներկայ վիճակը:
Պայրամով ընդգծած է, որ հակառակ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ բանակցութիւններու աւարտին, համաձայնագիրը ստորագրելու համար անհրաժեշտ է համապատասխան փոփոխութիւններ կատարել Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ` «Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները» վերցնելու համար:
Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ այլ համապատասխան կառոյցներու վերացման կարեւորութիւնը:


