Ծերակոյտի Ֆրանսա – Հայաստան Բարեկամական Խումբի Եւ
Արցախի Հարցերով Միջազգային Տեղեկատուական Խումբի Կոչը.
Ֆրանսայի ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ Ժիլպեր-Լիւք Տեւին եւ Արցախի հարցով միջազգային տեղեկատուական խումբի նախագահ Էթիեն Պլան ողջունած են Հայաստանի յանձնառութիւնը Ազրպէյճանի հետ խաղաղ համաձայնութեան հասնելու հարցին մէջ: Անոնք կոչ ուղղած են շուտափոյթ ստորագրելու պայմանագիրը` յառաջ մղելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղ հոլովոյթը: Այս մասին կը հաղորդէ «1լուրեր»-ը:
Ըստ յայտարարութեան հեղինակներուն, այս պայմանագիրի ստորագրութիւնը պէտք է յանգեցնէ Ազրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող բոլոր բանտարկեալներու ազատ արձակման եւ արդիւնաւէտ կատարման Միջազգային դատարանի 17 նոյեմբեր 2023-ի որոշման, որով կ՛ամրագրուի Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգ ու անարգել վերադարձի իրաւունքը` պահպանելով անոնց իրաւունքները:
«Այս պայմանագիրի ստորագրութիւնը պէտք է դառնայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու առաջին քայլը: Նպատակն է հասնիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման` յարգելով երկու պետութեան գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ մինչեւ այս պայմանագիրի ստորագրութիւնը Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը, որուն գործունէութիւնը մինչեւ 2027 թուական երկարաձգուած է, պիտի շարունակէ իր աշխատանքը` աւելցնելով. «Անոր դերը նշանակալի է, որովհետեւ անիկա զգալիօրէն կրճատած է ճակատման բարձր վտանգ ունեցող տարածքներու մէջ միջադէպերու թիւը»:
«Այսօր խօսքը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հարցի քննարկման մասին է` փոխշահաւէտ համագործակցութեան հեռանկարներով բաց շրջանի պայմաններու մէջ, որ պիտի խթանէ փոխանակումներն ու շրջանի ժողովուրդներու բարգաւաճումը», կ՛ընդգծուի յայտարարութեան մէջ:


