Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն Հաստատած Է Ուքրանիոյ Զինուորական Օգնութեան Մատակարարումներու Վերսկսումը

March 19, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ուքրանիոյ զինուորական օգնութեան մատակարարումները, ինչպէս նաեւ երկիրներու միջեւ հետախուզական տեղեկատուութեան փոխանակումը վերսկսած են: Այս մասին ըսած է Փենթակոնի բանբեր Շոն Փառնել:

Այս տեղեկութիւնը հաստատած է Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութեան օդուժի հրամանատար Ալեքսըս Կրինքեւիչ:

«Մենք հաստատուած տուեալներ ունինք, որ անիկա (Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը) կրկին Ուքրանիա կ՛երթայ», լրագրողներուն ըսած է Կրինքեւիչ, որ նոյնպէս ներկայ էր Փենթակոնի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին:

Ան չէ յստակացուցած, թէ ճիշդ ի՛նչ զինատեսակներ կրկին կը մատակարարուին:

Ուաշինկթըն վերսկսած է Քիեւին զինուորական օգնութեան մատակարարումը` երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն միջեւ 11 մարտին Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք: Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ուոլց նոյն օր ըսած է, թէ որոշումը անմիջապէս ուժի մէջ կը մտնէ:

12 մարտին Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է, որ Ռժեշով քաղաքի լեհական կեդրոնին միջոցով Ուքրանիոյ ամերիկեան զէնքի մատակարարումները կը շարունակուին նոյն ծաւալով:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը գրած է, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան վերսկսիլ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն բարելաւուած «Ճի.Էլ.Էս.Տի.Պի.» ռումբերու մատակարարումը:

 

Նախորդը

Օլմերթ. «Իսրայէլ Պէտք Է Շարհին Սուրիոյ Հետ Երկխօսութիւն Կատարելու Իր Պատրաստակամութիւնը Յայտնէ»

Յաջորդը

Կազայի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումները Հարիւրներով Զոհեր Կը Պատճառեն, Ներառեալ Իսրայէլացի Գերիի Մը Կեանքը Կը Խլեն

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.