Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Չեմ ձգտիր Իրանին վնաս հասցնել, որովհետեւ իրանցիները հոյակապ ժողովուրդ են»:
«Իրանի նկատմամբ գործելու երկու ձեւեր կան, մէկը զինուորականն է, միւսը` համաձայնութեան ճամբով, եւ ես համաձայնութիւնը կը նախընտրեմ», նշեց Թրամփ` աւելցնելով. «Կը նախընտրեմ Իրանի հետ համաձայնութեան վրայ բանակցիլ, եւ վստահ չեմ, թէ բոլորը ինծի համամիտ են»:
«Եթէ ստիպուինք Իրանի հարցով զինուորական միջամտութիւն կատարել, ապա ատիկա անոր համար ահաւոր պիտի ըլլայ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Իրանը կա՛մ պէտք է Միացեալ Նահանգներուն հետ գործարք կնքէ, կա՛մ շատ շուտով այդ երկրին բան մը պիտի պատահի», նախքան այդ Սպիտակ տան մէջ յայտարարած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը:
«Յոյսով եմ` ատիկա կ՛ըլլայ համաձայնագիր, սակայն միւս տարբերակը նոյնպէս պիտի լուծէ խնդիրը», աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Թրամփ չէ յստակացուցած, թէ Միացեալ Նահանգները ի՛նչ որոշակի քայլերու կրնան ձեռնարկել, սակայն, ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն մտադիր չէ համակերպիլ Թեհրանի հետ յարաբերութիւններու մէջ գոյութիւն ունեցող կացութեան:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի շաբաթ օր յայտարարեց. «Բռնատիրական պետութիւններու համար բանակցութիւնները նոր պահանջներ ներկայացնելու միջոց են, եւ Իրանը այդ պահանջները բացարձակապէս պիտի չընդունի»:
«Երկրին պաշտպանական կարողութեան եւ միջազգային կարողութիւններուն վերաբերեալ նոր պահանջներ կը ներկայացնեն` «այսպէս մի՛ ընէք, ասինչին հետ մի՛ հանդիպիք, այսինչ վայր մի՛ երթաք, այսինչը մի՛ արտադրէք, ձեր հրթիռներուն հասողութիւնը միայն այսքան թող ըլլայ»: Կա՞յ մէկը, որ այսպիսի պահանջներ կ՛ընդունի»:
Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լիւիւթ մեկնաբանելով իրանեան իշխանութիւններուն Թրամփի բանակցութեան հրաւէրը մերժելը նշեց. «Իրանի հետ կարելի է գործ ունենալ զինուորական քայլի կամ համաձայնութեան կնքման ճամբով»:


