Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահուի Գրասենեակ. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Կը Քննարկենք Իսրայէլ-Ազրպէյճան-Միացեալ Նահանգներ Եռակողմ Համագործակցութեան Ամուր Հիմերու Ստեղծումը»

March 8, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլ ներգրաւուած է Միացեալ Նահանգներու հետ շարունակական քննարկումներու մէջ` Իսրայէլի, Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ եռակողմ համագործակցութեան ամուր հիմեր ստեղծելու համար: «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը գրէ, որ այս մասին կը նշուի Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Յայտարարութիւնը հնչած է ի պատասխան 6 մարտին Իսրայէլի խորհրդարանի` Քնեսեթի լիագումար նիստի ընթացքին «Շաս» կուսակցութեան երեսփոխան Շիմոն Մոշիաշվիլիի կողմէ ներկայացուած միջնորդութեան:

«Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ռազմավարական դաշինքի արդիականացում» նիւթով քննարկման ժամանակ Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը ընդգծած է. «Ազրպէյճանը կովկասեան շրջանին մէջ Իսրայէլի կարեւոր ռազմավարական դաշնակիցն է` յարաբերութիւններով, որոնք կը ներառեն համագործակցութիւն անվտանգութեան, առեւտուրի, ճարտարագիտութիւններու եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ»:

Իսրայէլի Ազգային առաքելութիւններու նախարար Օրիթ Շթրոք կառավարութեան անունով խօսք արտասանելով բացատրած է. «Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները կառուցուած են իւրայատուկ գործընկերութեան վրայ` հիմնուած փոխադարձ շահերու եւ երկարամեայ բարեկամութեան վրայ»:

Ըստ Շթրոքի, «Իսրայէլը պիտի շարունակէ ամրապնդել Ազրպէյճանի ու Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութիւնը եւ վճռականօրէն պիտի դիմագրաւէ զայն խաթարելու որեւէ փորձ»:

Մոշիաշվիլին, որ նախաձեռնած է քննարկումը, արծարծած է Ազրպէյճանի հետ ռազմավարական դաշինքի արդիականացման եւ այդ երկիրը Աբրահամեան համաձայնագիրներու ծիրին մէջ ընդգրկելու կարելիութիւնը ուսումնասիրելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան նշած է, որ ստեղծուած է «անհեթեթ կացութիւն մը», ուր «այն երկիրները, որոնք մինչեւ Աբրահամեան համաձայնագիրներու ստորագրումը Իսրայէլի հետ կը պատերազմէին, ստորագրելէ անմիջապէս ետք կը ստանան տարբեր տնտեսական եւ անվտանգութեան խթաններ»: Մինչդեռ Ազրպէյճանը, որ երկար ժամանակ եղած է Իսրայէլի շրջանային անվտանգութեան ճարտարապետութեան կարեւոր բաղադրիչ, կը տուժէ ամերիկեան պատժամիջոցներէն:

Նախորդը

Ֆիտան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Նպաստելու Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալու Երկխօսութեան Եւ Դիւանագիտական Ջանքերուն»

Յաջորդը

Էրտողան Կը Զօրակցի Զելենսքիի` Ուքրանիոյ Մէջ «Օդի Եւ Ծովու Մէջ» Զինադադարի Գաղափարին

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.