Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. 3 Թէժ Կէտերու Մէջ Ակնկալութիւններ Եւ Պայմաններ

March 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջինարեւելեան երեք թէժ կէտերու ուղղութիւններով նոր շրջափուլի նախադրեալներ կը պարզուին:

Սկսինք Լիբանանէն: Ուշագրաւ են հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա եւ այնտեղ կայացած թէ՛ ընդլայնուած հանդիպումներն ու թէ՛ առանձնազրոյցը Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգին հետ:

Անմիջապէս պէտք է արձանագրել, որ հանրապետութեան նախագահին տուած առաջին այցելութեան վայրը Ռիատն է, որ ի դէպ վերաշխուժացուցած էր իր ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ, յատկապէս նախագահի ընտրութեան, վարչապետի նշանակման կարեւորագոյն փուլերուն: Սէուտական Արաբիան Լիբանանի մեծ դռներէն մուտք կը գործէր նոր շրջափուլի ենթահողը պատրաստելու եւ պետական առկախուած հաստատութիւնները վերագործարկելու առումով:

Կանխահաս է բացարձակ հաստատումներ կատարելը երկրին վերազարգացման վերաբերեալ կամ ընդհանրապէս վերականգնման արագ արդիւնքներ սպասելը: Որոշուածը այս փուլին երկկողմանի սառեցուած յարաբերութիւններու վերագործարկումն է: Զգուշաւոր ձեւով օգտագործուած են եզրերը: Կողմերը համաձայնեցան կեանքի կոչել եւ զարգացնել յարաբերութիւնները: Միացեալ հաղորդագրութիւնը  յարաբերութիւններու  վերստեղծումէն բացի մասնակի քանի մը կէտ նշած է. Ուսումնասիրել Լիբանանէն Սէուտական Արաբիա կատարուելիք արտածումի խոչընդոտներու վերացումի եւ  Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացիներու Լիբանան ճամբորդութիւնը արտօնելու քայլերը:

Քննարկելու եւ ուսումնասիրելու որոշումն է կայացուածը: Հասնելու համար արտածման խոչընդոտներու վերացման եւ սէուտցիներու Լիբանան այցելութեան արտօնութեան:

Այս երկու նախաքայլերուն դիմելու համար կան բնականաբար ակնկալութիւններ: «Թաէֆի համաձայնագիրը ամբողջովին գործադրել, առնչակից միջազգային որոշումները գործադրել, պետութեան  գերիշխանութիւնը լիբանանեան ամբողջ տարածքին վրայ տարածել, զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնել, լիբանանեան բանակի ազգային դերակատարութիւնը բարձրացնել, ինչպէս նաեւ ապահովել իսրայէլեան բռնագրաւող բանակի լիբանանեան բոլոր հողերէն հեռացումը: Այս կէտերը նշուած են միացեալ յայտարարութեան մէջ:

Աջակցութիւնը, խոչընդոտներու վերացումը եւ Լիբանան այցելութիւններու արտօնութիւնը կամ ընդհանրապէս վերականգնումին նպաստելը միանշանակ պիտի չիրականանան ըստ այս յայտարարութեան: Կան ակնկալութիւններ, որոնց ընդառաջ իւրաքանչիւր քայլի դիմաց Լիբանանը պիտի ստանայ համապատասխան գործնական արձագանգ:

Սէուտական Արաբիոյ դերը Եգիպտոսով փոխարինուած է Կազայի պարագային: Այստեղ հիմնականը այն է, որ կը մերժուի ժողովուրդին տեղահանութիւնը Կազայէն եւ կ՛ակնարկուի պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներու յարգումին:

Եգիպտական ծրագիրը կը նշէ, թէ երկու պետութիւններու սկզբունքով լուծումը շրջանի պետութիւններուն եւ Իսրայէլի միջեւ բնական յարաբերութիւններու ճամբան կը հարթէ: Ծրագիրին հիմամբ Եգիպտոս եւ Յորդանան պաղեստինեան ոստիկանութեան անդամներ պիտի մարզեն Կազայի անվտանգութեան հսկելու համար, ինչ որ հետագային ճամբան կը հարթէ Կազայի վրայ Պաղեստինեան իշխանութեան վերահսկողութեան վերականգնման:

Այս նախագիծի ամէնէն հիմնական բաժինը Իսրայէլ-արաբական պետութիւններ բնականոն յարաբերութիւններու ստեղծումի առաջադրանքն է: Երկու պետութիւնը  միջազգային օրակարգի վերածուելու ընթացքին մէջ էր: Թել Աւիւ -արաբական պետութիւններ դիւանագիտական յարաբերութիւններու գործընթաց սկսած էր, որ առկախուեցաւ Կազայի պատերազմով: Հիմա յայտնապէս այդ գործընթացը կը վերսկսի:

Ամէնէն անորոշը թէժ կէտերէն Սուրիան է. երկխօսութեան համագումարը չէ յաջողած բազմաթիւ հարցումներու պատասխանները տալ: Քրտական խնդիրը  կը մնայ անորոշ: ՔԱԿ-ի պատանդուած ղեկավարի ուղերձը կը համընկնէր երկխօսութեան համագումարին, ուր սակայն չէին հրաւիրուած քիւրտերու ներկայացուցիչները:

Այն, ինչ որ ստանձնած է Սէուտական Արաբիան Լիբանանի պարագային եւ այն, ինչ որ ստանձնած է Եգիպտոսը Կազայի պարագային, նոյնը կարելի չէ հաստատօրէն ըսել Թուրքիոյ պարագային` Սուրիոյ յարաբերակցութեամբ: Այնտեղ ծրագիրները տակաւին մշուշի մէջ են: Իսկ այդ մշուշը միայն քրտական շրջանները չէ պատած, այլ նաեւ թանձր տեսանելիութեամբ ծածկած տիւրզիաբնակ շրջանները: Այստեղ Թուրքիայէն բացի առնչուած են տարբեր խաղցողներ, որոնք տիրոյթներ եւ գօտիներ պահպանելու քաղաքականութիւնը կը շարունակեն:

Հովանաւորի դեր ստանձնած պետութիւնները երեք ուղղութիւններով ալ ունին իրենց ակնկալութիւնները, պայմանները եւ տիրոյթներու վրայ վերահսկողութիւն բանեցնելու գործառոյթները:

Նոր շրջափուլ է տարածաշրջանին մէջ: Ոչ անմիջական արդիւնքներով: Փուլային եւ պայմանական կշռոյթներով յատկանշուող:

«Ա.»

Նախորդը

Սիսիի Եւ Պահրէյնի Թագաւորին Հետ Հանդիպումներ. Աուն Շարհի Հետ Համաձայնեցաւ Լիբանան-Սուրիա Սահմանի Հսկողութեան Անհրաժեշտութեան Շուրջ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (6 ՄԱՐՏ 2025)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.