ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական, Ժտէյտէ մասնաճիւղի նախկին վարչական եւ «Ծառայութեան» շքանշանակիր
ՀՐԱՆԴ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 28 փետրուար 2025-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժԷ իր մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եւ վաստակաշատ նախկին վարչական ու «Ծառայութեան» շքանշանակիր անդամներէն
ՀՐԱՆԴ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 28 փետրուար 2025-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Յասմիկ Խրլաքեան եւ զաւակունք
Տիկին Սիլվա Ազնաւորեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զոհրապ Պետրոսեան եւ զաւակունք
Շիրազ Պետրոսեան
Տէր եւ տիկին Ասպետ Պետրոսեան եւ զաւակունք
Նարինէ Պետրոսեան
Տիկին Արփի Պետրոսեան եւ զաւակունք
Վիքի Սիմ եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Էտի Պետրոսեան եւ զաւակունք
Մատլեն Մելքոնեան
Շահինեան եւ Գոբուշեան ընտանիքներ
Նալպանտեան եւ Ֆէրմանեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր, քեռիին եւ հարազատին`
ՀՐԱՆԴ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Սուրիա, 1941-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 28 փետրուար 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 6 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Տղամարդու հագուստի վաճառատուն մը կարիքը ունի երիտասարդ պաշտօնեայի մը` 25-էն 40 տարեկան:
Դիմել` հեռ. 76-506463:
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Երիտասարդ պաշտօնեայ 20 տարեկան եւ վեր, աշխատելու առեւտրական հաստատութեան մը մէջ, Տորայի շրջան:
Աշխատանքի ժամերը 8-4, շաբաթ` 8-1:
Դիմել հեռ. 03-628076/7, կէսօրէ ետք ժամը 2-4: