Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի յայտարարեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է Կազայի վեց ամիսով կառավարման պատասխանատու յանձնախումբի գլխաւորելիք անձերուն շուրջ:
Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց. «Յառաջիկայ 7 մարտին, Աստուած ուզէ, Իսլամական համագործակցութեան խորհուրդի արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ ժողով պիտի ըլլայ, եւ կը ջանանք նաեւ այս ծրագիրը որդեգրել, որպէսզի արաբական ծրագիր եւ իսլամական ծրագիր ըլլայ»:
Յիշեցնենք, որ երեքշաբթի, 4 մարտին, Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ գումարուած Արաբական արտակարգ վեհաժողովը որդեգրեց Կազայի վերաբերեալ եգիպտական ծրագիրը, որ կը նախատեսէ կազմութիւնը պաղեստինեան որոշումով եւ պաղեստինեան կառավարութեան հովանաւորութեան տակ վեցամսեայ փոխանցման փուլի կառավարման յանձնախումբ մը, որուն անդամ կը դառնան անկախ թեքնոքրաթներ:


