Վերջերս, Արիզոնայի մէջ տեղի կ՛ունենային Պէյսպոլի աշխարհի զտումի մրցումներ, ուր Գերմանիոյ ազգային խումբը ելոյթ կ՛ունենար:
Հանդիսատեսներուն շարքին էին հայազգի նախկին թենիսմեն Անտրէ Աղասին եւ իր գերմանացի կինը` Շթեֆի Կրաֆ, որ աղջկանց թենիսի պատմութեան լաւագոյն դէմքերէն էր:
Աւելի ուշ յստակացաւ անոնց ներկայութեան պատճառը, երբ իրենց 23 տարեկան զաւակը` Ճյէտըն ելոյթ ունեցաւ Գերմանիոյ խումբին հետ:


