Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր «Շարք Պլումպըրկ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչի նշանակումը տեղի պիտի ունենայ մարտ ամսուան աւարտէն առաջ` ապահովելու համար դրամատան մէջ աշխատանքի շարունակութիւնը»:
Ժապեր ըսաւ, որ Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչը պէտք է «ունենայ լաւ վարկ եւ երկարատեւ փորձառութիւն, ինչպէս նաեւ ծանօթ ըլլայ ելեւմտական ոլորտին մէջ իր անցեալով»:
Ինչ կը վերաբերի դրամատուներուն մօտ պահ դրուած գումարները ջնջելու հարցին, ելեւմուտքի նախարարը ընդգծեց. «Ատիկա բացառուած է»` շեշտելով. «Ուշադրութիւնը կեդրոնացած է նշանակման վրայ Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչի մը, որ ելեւմտական ծրագիր կը ներկայացնէ եւ պահ դրուած գումարներու խնդիրը կը լուծէ: Ատկէ ետք կը լուծուի պարտատէրերու հարցը, որուն ծիրին մէջ դրամատուներուն ցուցմունք տրուեցաւ պարտատէրերու հարցը մինչեւ մօտաւորապէս 2028 թուական յետաձգելու»:


