Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր կարգին հասաւ տարեշրջանի 50-րդ յաղթանակին` 137-128 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հիուսթըն Ռոքեթցին:
Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 51 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օքլահոմայի, այս տարեշրջանին իր 4-րդ մրցումը, որուն ընթացքին 50-է աւելի կէտեր կը նշանակէր: Հետաքրքրականը այն է, որ Շէյ վերջին 7 շաբաթներուն կատարեց այդ 4 մրցումները: Այս տարեշրջանի առաւելագոյն կէտեր նշանակող մարզիկը նոյն ժամանակաշրջանին 9 մրցումներ ունեցած է, ուր 40-է աւելի կէտեր նշանակած է:
Ճէյլըն Ուիլիըմզ 24 կէտ աւելցուց ի նպաստ Թանտըրի, որ 61 մրցումներու ընթացքին միայն 11 մրցումներ պարտուած է:
Քամ Ուիթմոր 27 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ Ռիտ Շեփըրտ 25 կէտ աւելցուց ի նպաստ Հիւսթընի, որմէ կը բացակայէին վիրաւորներ Ալփերեն Շենկիւն, Էյմըն Թոմփսըն, Տիլըն Պրուքս, Ֆրետ Վանվլիթ եւ Թարի Իսըն: Հիուսթըն, որ այս տարեշրջանի լաւագոյն խմբային խաղարկութիւն ցուցաբերող խումբերէն մէկն է, բնաւ չի վստահիր որեւէ աստղի, 9 կէտով կը յառաջանար, 2-րդ մասի սկիզբը, սակայն Թանտըր կիսախաղին 63-62 արդիւնքով յառաջացաւ, ուր Շէյ առանձին 28 կէտ նշանակեց:
Տալաս Մեւրիքսի չար բախտը կը շարունակուի, եւ այս անգամ Քայրի Ըրվինկ ֆաուլի ենթարկուելէ ետք ծուռ ձեւով ինկաւ վիրաւորելով ձախ ծունկը: Ան քանի մը վայրկեան մնալէ ետք օգնութեամբ դաշտ ներկայացաւ եւ ազատ հարուածները նշանակելով լքեց մրցումը… Քայրի 9 վայրկեան խաղցաւ միայն` նշանակելով 7 կէտ, մինչ Ճէյտըն Հարտի մօտ 16 վայրկեան խաղցաւ եւ իր կարգին վիրաւորուեցաւ:
Քայ Ճոնզ, որ անցեալ շաբաթ միացած էր Տալասին` վիրաւորներու երկար շարք ունենալէ ետք, 21 կէտ նշանակեց եւ ձեռք ձգեց 8 ռիպաունտ:
Սաքրամենթօ Քինկզի լաւագոյն մարզիկն էր Զաք Ըրվին, որ 22 կէտ նշանակեց, մինչ Տըմար Տը Ռոզըն 20 կէտ աւելցուց:
Տալասի նման Մեմֆիսի չար բախտն ալ զինք կը դաւաճանէ: Արդարեւ, Կրիզլիզ, որ Ճա Մըրենթի վերադարձէն ետք բաւական լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգէր, իր վերջին 8 մրցումներուն 6-րդ պարտութիւնը կրեց երէկ` Աթլանթայի դէմ մրցումին, 132-130 արդիւնքով:
Մրցումը հաւասար էր աւարտէն 3,8 երկվայրկեան առաջ, երբ Տեզմընտ Պէյն գնդակով կը յառաջանար, սակայն Տայսըն Տենիըլզ գնդակը «գողցաւ» իրմէ եւ փոխանցեց Քերիս Լըվերթի, որ դիւրութեամբ նշանակեց Աթլանթայի եւ մրցումի վերջին կէտերը:
Պէյն իր ասպարէզի առաջին թրիփըլ տապըլը ձեռք ձգած էր` նշանակելով 35 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ կատարելով 10 էսիսթ: Քերիս Լըվերթ 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Աթլանթա Հոքսի:
Կրիզլիզ, որ կը խաղար առանց վիրաւոր Սանթի Ալտամայի եւ Ճա Մըրենթի, մրցումի առաջին 2 վայրկեաններուն կորսնցուց Ճերըն Ճեքսընն ալ, որուն ոտքը դարձաւ պլոք փորձած պահուն իյնալէ ետք:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 102-119
Չարլոթ Հորնեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 101-119
Մայեմի Հիթ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 106-90
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Հիւսթըն Ռոքեթց 137-128
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Աթլանթա Հոքս 130-132
Տալաս Մեւրիքս – Սաքրամենթօ Քինկզ 98-122
Եութա Ճեզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 106-134


