Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտեան յայտարարեց. «Երէկ մեր ստանձնած դիակներէն մէկը գերի Շիրի Պիպասինը չէ, այլ անծանօթ անձի մը, որ ոեւէ այլ գերիի Տի.Էն.Էյ.-ին չի համապատասխաներ»:
Իսրայէլեան բանակը աւելցուց. «Համաս պարտաւոր է բոլոր գերիներուն կողքին վերադարձնել Պիպասի դիակը»` աւելցնելով. «Իսրայէլ խիստ կերպով պիտի վարուի այս խախտումին հետ»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին Համասը ամբաստանեց զինադադարը խախտելու եւ Պիպասի դիակը հինգշաբթի օր յանձնուած դիակներու կողքին չյանձնելու յանցանքով:
«Խիստ կերպով պիտի գործենք Շիրին, մեր բոլոր պատանդներու, ողջերուն ու մահացածներուն կողքին տուն վերադարձնելու համար, եւ երաշխաւորելու, որ Համասը համաձայնութեան այս բարբարոս ու չար ոտնահարման ամբողջ գինը վճարէ», ըսաւ Նեթանիահու:
Համաս շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «ամենայն լրջութեամբ» պիտի քննէ իսրայէլեան պնդումները եւ արդիւնքները յստակօրէն յայտարարէ` նշելով, որ դէպքը կրնայ առնչուած ըլլալ գերիին պաղեստինցիներու հետ գտնուած վայրին իսրայէլեան ռմբակոծման պատճառով արձանագրուած զոհերու դիակներու սխալի կամ իրարու խառնուելուն:
Համաս պահանջեց, որ Իսրայէլ վերադարձնէ դիակը, որ Նեթանիահուի համաձայն պաղեստինցիի մը կը պատկանի:
Համաս յայտարարեց, որ այսօր իսրայէլացի 6 ողջ գերիներ ազատ պիտի արձակէ, որուն դիմաց կը նախատեսուի, որ իսրայէլեան կողմը 602 պաղեստինցի գերիներ ազատ արձակէ:


