Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պայմաններ Եւ Փոխկապակցուած Գործընթացներ

February 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած իսրայէլեան յարձակումները, Պէյրութի եւ տարբեր շրջաններու վրայ օդային պատի ճեղքումով պատերազմական յուշեր վերարթնցնելը, որոշ ընդհատումներով անօդաչուներու  անարգել շրջագայութիւնները, քանի մը հաստատումներու եւ ենթադրութիւններու կ՛առաջնորդեն:

Նախ այն, որ Իսրայէլը կը շարունակէ խախտել հրադադարի համաձայնութիւնը  եւ այս գործողութիւնները կը հիմնաւորէ այդ համաձայնութեամբ նշուած կողմերու ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի սկզբունքով, երբ նկատուի զինուորական տեղաշարժ հակառակորդին կողմէ: Այս կէտը անշուշտ գրեթէ միակողմանի կ՛աշխատի եւ առիթ կու տայ, որ նման գործողութիւններ ձեռնարկուին Իսրայէլի կողմէ:

Իսրայէլեան ուժերու հեռացման նոր ժամկէտի յարգումը կը մնայ թէական: Թէեւ այս առումով փուլային հեռացման արարներ կ՛առարկայանան: Իսրայէլ հեռացումը կը պայմանաւորէ հիւսիսային Իսրայէլի ժողովուրդի վերադարձով եւ այդ հատուածի անվտանգութեան վերականգնումով:

Այս գործողութիւններու աշխուժացումը կրնայ բացատրուիլ մէկ կողմէ նախքան ուժերու յետքաշում վերջին առաւելները արձանագրելու քաղաքականութեամբ: Միւս կողմէ, աւելի կարճաժամկէտ դրուածքով կրնայ առնչուիլ նաեւ Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղարի յուղարկաւորութեան նախօրէին իրավիճակի ստեղծումով: Անապահովութեան մթնոլորտի ձեւաւորումով խանգարել զանգուածային ներկայութեան գոյառումը: Այս վերջին առաջադրանքը դժուար կ՛իրականանայ, նկատի ունենալով առնչուած համայնքին նման կոչերուն ընդառաջելու նախադէպերը եւ այս պարագային առիթի՛ն տարողութիւնը:

Թել Աւիւ պարզ դարձուցած է, որ ռազմավարական հինգ շրջաններ կան, որոնցմէ հեռանալու չի պատրաստուիր: Տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական այս ամբողջ դիպաշարերէն ետք կ՛արձանագրուի, որ Իսրայէլ զինուորապէս ներկայ է Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի տարածքներուն վրայ եւ անոնցմէ հեռացումը կը պայմանաւորէ իր կողմէ ճշդուած երաշխիքներով:

Իսրայէլեան ուժերու հեռացման գործընթացի աւարտէն առաջ Լիբանանի կառավարութեան ծրագրային յայտարարութիւնը մշակելը, բայց մանաւանդ խորհրդարանի նիստին զայն ներկայացնելն ու վստահութեան քուէ ստանալը տարակուսելի կը մնային: Խորհրդարանի նախագահին կողմէ աշխատանքային ծրագիրի քննարկման յատկացուած նիստի թուականի ճշդումը որոշ ընթացք կը կանխատեսէ: Այս պայմաններուն մէջ կը թուի, որ համաձայնութիւն գոյացած է յայտարարագիրի բովանդակութեան շուրջ, եւ այնտեղ բանաձեւուած են կէտեր, որոնք ընդունելի պիտի ըլլան գլխաւոր խմբակցութիւններուն կողմէ:

Արաբական աշխարհի թէ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնները առ այն, որ պիտի շարունակեն ճնշել, որպէսզի գործադրուին Թաէֆի որոշումներն ու զինադուլի պայմանները, կատարուելիքներու միաժամանակեայ  կիրարկելի քաղաքականութեան մասին կը յուշեն:

Բնականաբար չեն բաւեր նախագահի ընտրութիւնը, վարչապետի նշանակումը, կառավարութեան կազմութիւնը, նոյնիսկ անոր աշխատանքային ծրագիրի վաւերացումը կամ վստահութեան քուէի շնորհումը: Այս բոլորը կը փոշիանան, եթէ արտաքին օժանդակութիւնները յանկարծակի սառին: Այս անգամ երկիրը նախագահով, վարչապետով, կառավարութեամբ կ՛անդամալուծուի եւ կը վերադառնայ այն իրավիճակին, որուն մէջ էր առանց պետական հաստատութիւններու ղեկավարներուն եւ առանց կառավարութեան:

Իսկ այս մօտեցումը առկայ է հնգեակին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

«Հնգեակը յանձնառու է վերաշինութեան թղթածրարին, պայմանով որ ատիկա տեղի ունենայ լիբանանեան պետութեան ամբողջական վերահսկողութեան տակ», նշած է Եգիպտոսի դեսպանը:

Լիբանանեան ամբողջական վերահսկողութիւնը արտաքին եւ ներքին իմաստներ ունի: Արտաքինը իսրայէլեան ուժերու հեռացումն է, ներքինը` Հըզպալլայի ռազմական գործօն ըլլալէ դադրեցումը: Մէկը միւսին փոխկապակցուած գործընթացներ, զուգահեռ, միաժամանակեայ, որոնց համատեղ իրականացումէն կախեալ է նաեւ երկրին վերաշինութիւնը բոլոր առումներով:

«Ա.»

Նախորդը

Իսրայէլ «Ժամանակաւորապէս Լիբանանի Մէջ Կարեւոր 5 Կէտերու Մէջ» Պիտի Մնայ. Լիբանան Իսրայէլեան Ներկայութիւնը «Բռնագրաւում» Կը Նկատէ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (19 Փետրուար 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.