ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ ձեռամբ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
Շաբաթ, 22 եւ կիրակի, 23 փետրուար 2025-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում:
Վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ ու տնօրինութեամբ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում պիտի ստանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն`
ԳԵՐՊ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ԵՄԻՇԵԱՆ
(Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ)
ԳԵՐՊ. Տ. ՊԵՏՐՈՍ Ծ. ՎՐԴ. ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ
(Կաթողիկոսական փոխանորդ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին)
ԳԵՐՊ. Տ. ՏԱՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ
(Կաթողիկոսարանի Դիւանապետ)
Ձեռնադրեալներուն կոչման եւ ուխտի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 22 փետրուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, իսկ ձեռնադրութիւնն ու օծումը` կիրակի, 23 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու յիշեալ հոգեպարար արարողութեանց եւ աղօթակից ըլլալու նորընծայ ձեռնադրեալներուն, որպէսզի իրենց առաքելութեան ու կոչումին մէջ հաստատ մնան եւ կարողանան առաջնորդել իրենց վստահուած հօտը դէպի խաղաղ նաւահանգիստ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԲՐՇ. ԳԷՈՐԳ Ա. ՍՐԿ. ՊԷՊԷՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 23 փետրուար 2025-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, հոգեսուրճ եկեղեցւոյ սրահին մէջ: