Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցուցամոլութիւնը` Խորհրդանիշ Ներքին Պարապութեան

February 19, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Ցուցամոլութի՜ւն: Տարածուած մարդկային ախտ: Ցուցամոլը ան է, որ «երեւիլ» կը սիրէ: Ան է, որ կարծէք երկա՜ր տարիներ անտեսուելէ ետք, պարտադրաբար ինքզինք փաստել կ՛ուզէ, բայց այդ ժամանակին մէջ չենք այլեւս: Եթէ կ՛ուզենք մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել, ուրեմն պէտք է օժտուած ըլլանք հետեւեալ երեք առաքինութիւններով. նկարագիր, գիտութիւն եւ ուժ:

Եկէ՛ք, անկեղծ ըլլանք. աշխարհի վրայ չկայ անհատ մը, որ իր մէջ «երեւելու» փափաքը չունենայ: Բոլորս կ՛ուզենք մեր ներկայութիւնն ու գոյութիւնը փաստել, բայց հարցը հոն չէ՛, հարցը ուրիշին հաշուոյն «երեւելուն» մէջ է: Ուրիշին վաստակին հաշուոյն դուն քու դատարկութիւնդ իրաւունք չունիս լեցնելու: Ամէն ինչ իր չափն ու սահմանը ունի…

Մարդիկ այս «համաճարակէն» կը տառապին քանի մը պատճառներով, որոնցմէ միայն երկուքը մատնանշենք.

Ա) Երբ խնդրոյ առարկան ինքզինք ուրիշին հետ կը բաղդատէ: Ինչո՞ւ. շատ պարզ, այն պատճառով, որ ներքուստ գիտէ, թէ չի կրնար ըլլալ հոն, ուր որ է այն անձը, որուն հետ ինքզինք կը բաղդատէ: Բայց հաստա՛տ պէտք է գիտնալ, որ ինքզինք ուրիշին հետ բաղդատելով եւ մանաւանդ` ուրիշին ունեցած վաստակին, մարդ առաւել քան երբեք կը խեղճանա՜յ: Այդպիսով, ո՛չ միայն մարդ չի զարգանար, այլ ընդհակառակը, կը մնայ ետքայլի մէջ` իբրեւ անբան եւ անգիտակ անձ:

Բ) Երբ խնդրոյ առարկան ոչինչ գիտէ, բայց ինքզինք այնպէս մը կը ներկայացնէ, որ ամէն բան գիտէ: Սիրելի՛ս, զգո՜ւշ, կը խեղճանաս, հաւատա՛, որ կը խեղճանաս, որովհետեւ «Չկայ ծածուկ բան, որ չյայտնուի, եւ կամ` գաղտնի բան, որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ» (Ղուկաս 8.17): Իսկ Նարեկացին իր աղօթամատեանին մէջ ճշմարտացիութեամբ եւ ամենայն գեղեցկութեամբ կը նախազգուշացնէ քեզ. «Ծածկուածները մերկ են Քու (Տիրոջ) առջեւդ, ու աներեւոյթները` հրապարակուած»:

Քու ներսիդիդ եղող պակասը «գեղեցիկ» փուչիկով մի՛ փոխարիներ, որովհետեւ եթէ գիտութեան պզտիկ ասեղ մ՛իսկ դպչի անոր, ներքին դատարկութիւնդ ի յայտ պիտի գայ: Ամօթ չէ չգիտնալը, բայց ամօթ է սոփեստաբար ճամբայ իջնելն ու «անբան» գիտութիւն ծախելը:

Ձեւականութիւնն ու ցուցամոլութիւնը մարդը կը պահեն մակերեսային մակարդակի մը վրայ, աւելի՛ն, անոնք կը քանդեն ե՛ւ անհատը ե՛ւ հաւաքականութիւնը, եթէ ինքզինք յարգող հաւաքականութիւն է:

Օ՛ն, դէպի խորք եւ հեռո՛ւ խեղճացած ցուցամոլներէն եւ ցուցամոլութիւններէն, որոնք նման են ցեցերուն, չեն երեւիր, բայց կը կրծեն… Վտանգաւոր է անոնց ներկայութիւնը թէ՛ մեր անհատական եւ  թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ:

Եթէ կ՛ուզես յարգուիլ, ուրեմն հզօրացիր հետեւեալ երեք զէնքերով` նկարագիր, գիտութիւն եւ ուժ, իսկ «անկէ աւելին չարէն կու գայ» (Մատթէոս 5.37):

 

 

Նախորդը

Դաշնակցական Պատանիներուն Պատգամը. Առաջնորդուինք Փետրուարեան Ապստամբութեան Ազգային Շունչով Ու Մարտունակ Ոգիով*

Յաջորդը

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Հիմնադրութեան 75-Ամեակ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.