Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

February 18, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 13 փետրուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով, հետեւողութեամբ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս հաստատուած աւանդութեան, հանդիսաւոր պայմաններով կը նշենք Քրիստոսի անդրանիկ այցելութիւնը` տրուած տաճարին: Սրբազանը ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս Յովսէփ եւ Մարիամ քառասնօրեայ մանուկը բերին տաճար Աստուծոյ ընծայելու, եւ թէ ինչպէս հոն կը գտնուէր Սիմէոն անունով ծերունի կրօնաւոր մը, որ սուրբ հոգիէն խոստում ստացած էր չմեռնիլ, մինչեւ իր աչքերով չտեսնէ Աստուծոյ կողմէ խոստացուած մեսիան եւ ինչպէս տաճարին մէջ հաւաքուած մարդկութեան մէջ միայն ինք նշմարեց Յիսուս մանուկը եւ ընդառաջ երթալով գրկեց զայն, գոհութիւնը տուաւ Աստուծոյ եւ աղօթեց, որ հրաժեշտ առնէ, որովհետեւ իր աչքերով տեսաւ եւ գրկեց Փրկիչը:

Սրբազան հայրը ըսաւ, որ մենք բազմաթիւ խնդրանքներ կը ներկայացնենք Աստուծոյ, եւ Ան մեզ կը հրաւիրէ իր լոյսին, որպէսզի մենք այդ լոյսով կարենանք աշխարհէն ներս մեր դիմագրաւած հարցերը եւ խնդիրները լուծել` աւելցնելով, որ մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդի դարաւոր աւանդութիւններուն հետեւողութեամբ մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղէ դէպի լոյս: Ան նկատել տուաւ, որ խարոյկը մեր ժողովուրդի աւանդութիւններով հաստատուած փորձութիւն մըն է, սակայն իր արժէքն ու իմաստը կը գտնէ աւետարանական բացատրութիւններուն մէջ` դէպի լոյս ուղղելով մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ուշադրութիւնը, որպէսզի զգան, թէ Աստուած մեզ կը հրաւիրէ իր լոյսին, որպէսզի մենք մեր ապրած տագնապներուն դիմաց կարենանք Աստուծմով հաստատ քայլեր առնել եւ ուղղել մեր կեանքին ընթացքը` երկինքէն ստանալով առաջնորդութիւն եւ մխիթարութիւն:

Շարունակերով իր խօսքը, Շահէ արք. Փանոսեան դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ լոյսը աշխարհի պայմաններուն մէջ սկսած է աղօտիլ մեր հոգիներէն ներս եւ մենք` փոխանակ Աստուծմով առաջնորդուելու, սկսած ենք հետեւիլ ամէն տեսակի նորաձեւութեան, օտար բարքերու եւ սովորութիւններու` մոռնալով, որ մենք հաւատացեալ ազգի մը զաւակներն ենք եւ սահմանուած ենք մեր ժողովուրդի նկարագիրով, մեր հայրերուն հաւատքով, մեր դարաւոր սովորութիւններով եւ աւանդով շարունակելու մեր կեանքը եւ մեր առօրեան վարելու բարոյական սկզբունքներով` միայն զԱստուած մեզի հետ ունենալով եւ միշտ Աստուծոյ պարգեւած լոյսով առաջնորդուելով:

Եզրափակելով իր խօսքը, սրբազանը կոչ ուղղեց` նոր պատասխանատուութեամբ նայելու մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն, հաստատութիւններուն, վարժարաններուն, տուներուն, որպէսզի մեր կեանքը չաղքատանայ, եւ յորդորեց ներկաները աղօթելու, որ Աստուծոյ լոյսը ողողէ մեր ընկերութիւնը, առաջնորդէ բոլոր անոնք, որոնք Աստուծմէ կը սպասեն ուղղութիւն, ցուցմունք եւ օրինակ իրենց կեանքին համար ու կանգուն պահէ մեր տուները:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ աւանդական խարոյկը:

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ապստամբութիւն Մը, Որ Հայացուց Հաւաքական Կամքի Բոլոր Արտայայտութիւնները (104-Ամեակ)

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Օ՛Նիլի Խումբը Յաղթեց, Քըրրի` «Էմ. Վի. Փի.»

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.