Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Ցուցահանդէս` Ցեղասպանութենէն Առաջ Արեւմտահայութեան Կրթական Ջանքերը Ներկայացնող

February 18, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկազեան համալսարանը իր 70-ամեակի տօնակատարութեան ծիրին մէջ, համագործակցութեամբ Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան- հիմնարկին, լիբանանահայութեան ներկայացուց բացառիկ ցուցահանդէս` «Արեւմտահայ կրթական ջանքը. կրթական ցանցերը եւ արտադրութիւնը Ցեղասպանութենէն առաջ» խորագիրով, որ տեղի կ՛ունենայ համալսարանի «Մուկար» շէնքին «Մաթոսեան» սրահին մէջ:

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 30 յունուարին դոկտ. Սեդա Պարսամեանի կողմէ, որ Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի անդամ է: Ան ներկայացուց արեւմտահայերու հզօր կրթական ժառանգութիւնը` Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ:

Ցեղասպանութեան շրջանին աւելի քան 2000 հայկական վարժարաններ ջամբեցին կրթութիւն, գիտութիւն եւ լուսաւորութիւն տարածեցին հայկական համայնքին, Հայկական նահանգներու (Արեւելեան Անատոլու), Կիլիկիոյ, Կոստանդնուպոլսոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ շրջաններուն, մասնաւորապէս` Փոքր Ասիոյ մէջ: Այս վարժարանները հիմնուած եւ գործած էին տարբեր հայկական յարանուանութիւններու, կրթական կազմակերպութիւններու եւ հայրենակցական միութիւններու կողմէ` արտացոլացնելով հայ ժողովուրդին խոր հաւատարմութիւնը կրթութեան եւ մշակութային յառաջընթացին նկատմամբ:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 18 երկլեզու մեծ պաստառներ` այն ատեն գոյութիւն ունեցող տարբեր հայկական դպրոցներուն ու վարժարաններու դասաւորումով: Կարգ մը հիմնարկներ կեդրոնացած էին գիւղատնտեսութեան եւ մետաքսագործութեան ուսուցման վրայ, մինչդեռ ուրիշներ նուիրուած էին ընդհանուր կրթութեան: Միսիոնարական վարժարանները եւս կարեւոր դեր խաղացած են, օրինակ` Տարսոնի Սուրբ Պօղոս, Կեդրոնական Անատոլիայի եւ Քոնիայի Ժենանեան վարժարանները: Վերջինս գլխաւորած էր դոկտ. Արմենակ Հայկազեանը, որուն անունով կոչուած է Հայկազեան համալսարանը:

Այս ցուցահանդէսով, Հայկազեան համալսարանը կրկին հաստատեց իր յանձնառութիւնը պահպանելու հայ կրթական ժառանգութիւնը եւ պատուելու հայ ուսուցիչները, որոնք, հակառակ իրենց դիմաց ցցուած մեծ դժուարութիւններու, մնացած են հաստատուն իրենց գիտելիքին եւ լուսաւորման առաքելութեան մէջ:

Նախորդը

Լիբանանցի Ցուցարարներ Շարունակեցին Բողոքը Իրանեան Քաղաքային Օդանաւերու Թռիչքներուն Արգիլման Դէմ Եւ Հրկիզեցին ՖԻՆԻՒԼ-ին Պատկանող Ճիփ Մը

Յաջորդը

Ճորճ Օրուելը` Այսօրուայ Հայաստանի Մասին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.