Փանամայի ջրանցքը վերահսկող գործակալութիւնը հերքած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այն պնդումը, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարական նաւերը պիտի կարենան առանց վճարումներու անցնիլ ջրանցքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Փանամայի իշխանութիւնները ջնջած են Փանամայի ջրանցքէն Միացեալ Նահանգներու պատկանող նաւերու անցման վճարումները` ընդգծելով, որ ասոր շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը տարեկան միլիոնաւոր տոլարներ պիտի խնայէ:
Ջրանցքը վերահսկող ինքնավար գործակալութիւնը, որ իր կարգին կը վերահսկուի Փանամայի կառավարութեան կողմէ, յայտարարութիւն հրապարակելով հաղորդեց, որ որեւէ փոփոխութիւն չէ կատարուած ջրանցքով անցնելու համար վճարումներու գանձման եւ իրաւունքներու հարցերուն մէջ` աւելցնելով, որ իր յայտարարութիւնը ուղղակի պատասխան է Միացեալ Նահանգներու պնդումներուն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 20 յունուարին իր երդման արարողութեան մէջ Փանամայի իշխանութիւններէն պահանջած էր նուազեցնել տարանցիկ վճարումները Փանամայի ջրանցքով ամերիկեան զինուորական եւ առեւտրական նաւերու անցման համար: Հակառակ պարագային, ըստ Թրամփի, Փանաման ստիպուած պիտի ըլլայ ջրանցքը վերադարձնել Միացեալ Նահանգներուն:
Ան նաեւ բողոքած էր, որ Փանաման «խախտած է» չէզոք մնալու խոստումը` պնդելով, որ «Չինաստանը կը շահագործէ Փանամայի ջրանցքը»:
Երկրի նախագահ Խոսէ Ռաուլ Մուլինօ ըսած էր, որ զիջումներ պիտի չկատարէ Փանամայի ջրանցքով ամերիկեան նաւերու անցման համար վճարումներու նուազեցման հարցին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ 3 փետրուարին այցելած էր Փանամա, ուր հանդիպում ունեցած էր Փանամայի նախագահ Ռաուլ Մուլինոյի հետ: Բանակցութիւններու արդիւնքին մէջ Փանաման մերժած էր երկարաձգել «Մէկ գօտի, մէկ ճամբայ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ Չինաստանի հետ փոխըմբռնման յուշագիրը:


