Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Էն. Պի. Սի. Նիուզ»-ի. Փենթակոնը Սուրիայէն 30, 60 Կամ 90 Օրուան Ընթացքին Բոլոր Ամերիկեան Ուժերու Հեռացման Ծրագիրներ Կը Մշակէ

February 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը ծրագիրներ կը մշակէ ամերիկեան բոլոր ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու շուրջ: Այս մասին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն երկու պաշտօնատարներ երեքշաբթի օր յայտնած են «Էն.Պի.Սի. Նիուզ»-ին:

Պաշտօնատարները ըսած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ անոր մօտիկ եղող պաշտօնատարներ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են, ինչ որ Փենթակոնի պաշտօնատարները մղած է 30, 60 կամ 90 օրուան ընթացքին ամբողջական հեռացման ծրագիրներ մշակելու:

Պաշտօնատարները հաղորդած են, թէ Թրամփի ազգային ապահովութեան խորհրդատու Մայք Ուալց ուրբաթ օրը անցուցած է Ֆլորիտայի Թամփա քաղաքին մէջ գտնուող ամերիկեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան կեդրոնատեղիին մէջ, ուր հանդիպում ունեցած է բարձրաստիճան զինուորականներու հետ եւ Միջին Արեւելքի վերաբերեալ զեկուցումներ լսած:

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը ըսած է, որ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հաւանական կրճատումը զեկուցումի նիւթ կամ Ուալցի այցելութեան նպատակը չէ եղած, այլ «ամբողջ շրջանին վերաբերեալ ըմբռնում ունենալու համար` նշելով, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երեքշաբթի օր Սպիտակ տուն այցելած է եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւոր յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ:

Անցեալ հինգշաբթի Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ լրատուամիջոցներու ընդունելութեան մը ընթացքին լրագրող մը Թրամփին հարցուցած է լուրերու մասին, թէ իսրայէլեան կառավարութիւնը տեղեակ պահած է Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման մասին: «Չեմ գիտեր ո՛վ ատիկա ըսաւ, սակայն ատիկա կը յստակացնենք:  Սուրիոյ մէջ առնչուած չենք: Սուրիան ինքն իր խնդիրն է: Այդտեղ բաւարար խնդիրներ ունին: Անոնք անոնցմէ իւրաքանչիւրին առնչուած ըլլալնուս կարիքը չունին», պատասխանած է Սպիտակ տան ղեկավարը:

 

Նախորդը

Իրան Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլի Ներկայութեան Նկատմամբ

Յաջորդը

Ֆիտան. «Թուրքիան Իսրայէլի Դէմ Իր Որդեգրած Քայլերը Վերատեսութեան Պիտի Ենթարկէ, Եթէ Պաղեստինցիներու Սպանութիւնը Դադրի, Եւ Անոնց Պայմանները Փոխուին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.