Վրաստանի նախագահի նստավայրի հանդիսութիւններու սրահէն վերցուած է Եւրոպական Միութեան դրօշը: Նոր նախագահ Միխէիլ Քաւելաշվիլի ձգած է միայն պետական դրօշը եւ նախագահական դրօշը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան վրացական ծառայութիւնը:
Վրաստանի օրէնսդրութեան համաձայն, նախագահի ետին պէտք է ըլլայ պետական դրօշը եւ նախագահական դրօշը, որուն վրայ պատկերուած է պետական զինանշանը:
Վրաստանի հինգերորդ նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի լրացուցիչ տեղադրած էր Եւրոպական Միութեան դրօշը` ընդգծելու համար երկրին եւրոպական ձգտումները:


