Ջերմուկի մէջ տեղի կ՛ունենան Համահայկական ձմեռնային երկրորդ խաղերը, որոնց կը մասնակցին աւելի քան 1300 մարզիկներ աշխարհի 19 երկիրներէ եւ 77 քաղաքներէ:
Ըստ «Արմենփրես»-ի, Համահայկական ձմեռնային առաջին խաղերը տեղի ունեցած են 2014-ին Ծաղկաձորի մէջ, ուր մասնակցած են շուրջ 430 մարզիկներ 11 երկիրներէ եւ 22 քաղաքներէ:
Համահայկական ձմեռնային խաղերուն տեղի կ՛ունենան Հոքիի, դահուկավազքի, լեռնադահուկային մարզաձեւի, սնոպորտ (սահնակով), ճատրակ, սառոյցի վրայ պար եւ զանազան ձեւի խաղեր:
Համահայկական ձմեռնային երկրորդ խաղերու ջահը վառած էր Նորավանքի մէջ: Նորավանքի հոգեւոր հովիւը օրհնած էր խաղերու մեկնարկը եւ մոմի կրակով վառած ջահը:
Ջահը փոխանցուած էր Ողիմպիական խաղերու արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեան, մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեանին, Եւրոպայի փոխախոյեան, պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի բացարձակ բաժակակիր Վահագն Դաւթեանին, ծանրաբարձի Եւրոպայի եւ աշխարհի պատանիներու ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Ալեքսանտրա Գրիգորեանին եւ աշխարհի եւ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան Էմմա Պօղոսեանին:


