Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըզրի. «Հասարակական Կարծիքը Լիբանանցիներու Ձգտումները Գոհացնող Կառավարութիւն Մը Կը Սպասէ»

January 31, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխան Ապտելռահման Պըզրի «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այն, ինչ որ ներկայիս կառավարութեան կազմութեան մէջ տեղի կ՛ունենայ, սպասելի էր, որովհետեւ Լիբանանի մէջ կառավարութիւններու կազմութիւնը արագ չ՛ըլլար, եւ հակառակ անոր որ լիբանանցիները կը փափաքին, որ կազմութեան հոլովոյթը աւելի արագ ըլլայ, սակայն անիկա տակաւին նախատեսուած ժամանակամիջոցին մէջ է, եւ թափուող ջանքերը կարճ ժամանակուան մէջ կառավարութեան կազմութեան պիտի յանգեցնեն»:

«Նշանակեալ վարչապետին հանրապետութեան նախագահի գործակցութեամբ թափած ջանքերը յստակ են, իսկ երեսփոխանական պլոքներն ու քաղաքական ուժերը կը փորձեն որոշ նախարարութիւններ ստանալ, եւ ատիկա ժողովրդավարական խաղի կանոններուն համահունչ չէ», ըսաւ Պըզրի:

«Մենք Թաէֆի համաձայնութեան ժամանակաշրջանին մէջ ենք, ուր նշանակեալ վարչապետը կրնայ քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցելէ ետք իր կառավարութիւնը կազմել եւ զայն հանրապետութեան նախագահին հետ հրապարակել, ուստի այդ ուժերը կը գործեն ներկայ կառավարութեան իրողութենէն մեկնելով», յայտնեց երեսփոխանը:

«Չեմ կարծեր, որ քաղաքական ուժերը կ՛ուզեն (կառավարութեան) կազմութիւնը խանգարել, որովհետեւ լիբանանեան հասարակական կարծիքը կը սպասէ կառավարութիւն մը, որ կարելի եղածին չափ շուտ կը բաւարարէ լիբանանցիներուն ձգտումներն ու իղձերը», աւելցուց ան:

«Հակառակ մեր տեսած քաղաքական առարկութիւններուն, գլխաւոր փաստաթուղթը տակաւին նշանակեալ վարչապետին մօտ է, մանաւանդ եթէ անոր ու հանրապետութեան նախագահին միջեւ փոխհասկացողութիւն գոյութիւն ունի», շեշտեց Պըզրի:

«Գրաւը աւելի նշանակեալ վարչապետին վրայ է, քան որոշ նախարարական աթոռի մը կամ որոշ նախարարի մը», ընդգծեց երեսփոխանը:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Անգարա. «Իսրայէլեան Օդային Յարձակում Մը Սպաննեց Թուրք 3 Քաղաքացիներ, Որոնք Փորձեցին Ապօրինի Կերպով Լիբանանէն Իսրայէլ Անցնիլ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.