27 յունուարին Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շայպանիի հետ: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան դիմատետրի էջը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը փոխանցած է Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը` զարգացնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները սուրիական կողմին հետ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են գործակցութեան կարելի ուղղութիւններուն շուրջ:
Վահան Կոստանեան հաստատած է հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը` աջակցելու մարդասիրական եւ բարեփոխումներու իրականացման ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ առաջնահերթութիւն նկատուող տարատեսակ այլ ծրագիրներու:
Երկուստեք շեշտ դրուած է Հայաստանի եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն միջեւ առկայ պատմական ամուր կապերու զարգացման: Այս շրջագիծին մէջ աջակցութիւն յայտնուած է Սուրիոյ մէջ համերաշխութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ ներառականութեան ջանքերուն:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են շրջանային զարգացումներու վերաբերեալ` ընդգծելով դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութիւնը:
Սուրիական կողմը բարձր գնահատած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան այցելութիւնը Դամասկոս: Կողմերը համաձայնած են շարունակել շփումները:


