Եթէ 2020 թուականին Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու նախագահ վերընտրուէր, ապա կարելի կ՛ըլլար ուքրանական տագնապէն խուսափիլ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Ան ըսած է, որ ինք եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավար Տանըլտ Թրամփը միշտ գործնական յարաբերութիւններ ունեցած են: Ուստի Փութին համաձայնած է Թրամփի այն պնդման, որ եթէ ան մնար նախագահ, ճգնաժամը կրնար լուծուիլ առանց Ուքրանիոյ ռազմական գործողութեան:
Փութինի համաձայն, Ռուսիան պատրաստ է ուքրանական հարցերու շուրջ բանակցութիւններու, սակայն կան հարցեր, որոնք ուշադրութիւն կը պահանջեն: Բացի ատկէ, դժուար է լրջօրէն խօսիլ բանակցութիւններու մասին Ուքրանիոյ արգելքի ծիրին մէջ. Զելենսքին ինք արգիլած է զանոնք իրեն համար: Ուստի Քիեւի վարչակարգը հովանաւորողները պէտք է ստիպեն Զելենսքիին հանել բանակցութիւններու արգելքը: Միեւնոյն ժամանակ, շարժառիթները յստակ են` «Քիեւի վարչակարգը հարիւրաւոր միլիառներ կը ստանայ իր հովանաւորներէն»:


