Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Կրկնեց Իր Յաղթանակը` Օքլահոմայի Մէջ

January 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տալաս Մեւրիքս իր վերջին 7 մրցումներուն միայն 2 յաղթանակ արձանագրած է, եւ այդ երկուքն ա` Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի դէմ:

60 օր առաջ 8 կէտի առաւելութեամբ յաղթելէ ետք շատեր ըսին, թէ Տալաս բախտի բերմամբ կրցած է յաղթել Թանտըրի, որ երէկ իր դաշտին վրայ նոյնիսկ պարտուեցաւ Մեւրիքսէն, 121-115 արդիւնքով:

Սփենսըր Տինուիտի 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի, մինչ Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն 22 կէտ եւ 19 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ Քայրի Ըրվինկ 24 կէտ աւելցուց Թեքսասի խումբին հաշուոյն: Առանց Լուքա Տոնչիչի (1 ամիսէ ի վեր վիրաւոր), Տալաս այս տարեշրջանին 4 ելոյթներէն 3-ին կրցաւ յաղթել Արեւմտեան շրջանի լաւագոյն խումբին, որ միայն 8 պարտութիւն կրած է 44 մրցումներու ընթացքին:

Ճէյլըն Ուիլիամս 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի, մինչ Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր, որ մրցումէն առաջ ընտրուած էր Օլ-Սթար մրցումի հիմնական 5-ի մէջ, 31 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի:

Անակնկալ արդիւնք մը արձանագրուեցաւ Ինտիանայի մէջ, ուր Սան Անթոնիօ Սփըրզ 140-110 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց իր վերջին 3 մրցումները պարտուելէ ետք:

Վիքթոր Ուեմպանեամա 30 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Սփըրզի հաշուոյն, մինչ Ինտիանայի լաւագոյն մարզիկն էր Փասքալ Սիսքամ, որ 18 կէտ նշանակեց:

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմական մրցումներէն նկատուած Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Պոսթըն Սելթիքս ճակատումը երէկ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ մէջ, ուր Լէյքըրզ իր «Քրիփթօ տոթ քոմ» դաշտին վրայ 117-96 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Պոսթընի դէմ: Պոսթըն, որուն աստղ Ճէյսըն Թէյթըմ Օլ-Սթար մրցումին մաս պիտի կազմէ, 16 կէտ նշանակեց, բայց Սելթիքս լաւ չկրցաւ խաղալ, մանաւանդ որ վերջին 4 օրերու իր 3-րդ մրցումը կը խաղար եւ վերջինին պէտք ունեցած էր երկարաձգման` յաղթելու Լոս Անճելըս Քլիփըրզին:

Անթոնի Տէյվիս 24 կէտ նշանակեց եւ Օսթըն Ռիվզ աւելցուց 23 կէտ ի նպաստ Լէյքըրզի: Լըպրոն Ճէյմս 20 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց իր կարգին ընտրուելէ ետք Օլ Սթար մրցումին յաջորդական 21-րդ տարին ըլլալով: Ճէյմս գերազանցեց Հաքիմ Օլաճուանի մրցանիշը` գրաւելով պաշտպանողական ռիպաունտներու դասաւորման 7-րդ դիրքը: Ճէյմս այժմ ունի 9,720 պաշտպանողական ռիպաունտ:

Տենվըր Նակեթց 132-123 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքրամենթօ Քինկզը: Նիքոլա Եոքիչ անգամ մը եւս թրիփըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 35 կէտ, 22 ռիպաունտ եւ 17 էսիսթ, մինչ Սաքրամենթոյի սենթըրը` Տոմանթաս Սապոնիս 2 էսիսթով կորսնցուց թրիփըլ տապըլ իրագործելու իր առիթը: Ան նշանակեց 23 կէտ, 19 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ անշուշտ 8 էսիսթ կատարեց: Տըմար Տըրոզըն 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քինկզի:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ինտիանա Փէյսըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 110-140
Օրլանտօ Մէճիք – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 79-101
Աթլանթա Հոքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 119-122
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Տալաս Մեւրիքս 115-121
Միլուոքի Պաքս – Մայեմի Հիթ 125-96
Տենվըր Նակեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ 132-123
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 117-96
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Շիքակօ Պուլզ 131-106
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 110-93

 

Նախորդը

Փոխանցումներու Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Չելսի Եւ Նափոլի – Եուվենթուս

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.