Այսօր Անգլիոյ մէջ կը սկսի «Փրեմիեր լիկ»-ի 23-րդ հանգրուանը, ուր ամէնէն հաւասարակշռուած մրցումին ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի պիտի հիւրընկալէ Լոնտոնի Չելսին:
Խումբերը կը գրաւեն 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը, ուր եթէ Սիթի յաղթէ, պիտի անցնի Չելսիի, որ 2 կէտով կը գերազանցէ Սիթին:
Անցեալ շաբաթ Իփսուիչին 6-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք կը կարծուէր, որ Սիթի անկիւնադարձը կտրած է եւ իր վերջին տարիներու յաղթանակներու շարքը բռնած է: Բայց «Չեմփիընզ լիկ»-ի ելոյթին` Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ, Սիթի անգամ մը եւս խոցելի կէտերը յայտնեց եւ գրեթէ տիրապետելու կարողութիւն չունէր Ֆրանսայի մէջ:
Հակառակ այս բոլորին, Սիթի իր վերջին ճակատումներուն պարտութիւն չէ կրած Չելսիի դէմ, 8 յաղթանակ արձանագրելով, մինչ ձեռք ձգելով եգիպտացի յառաջապահ Օմար Մարմուշը կրնայ օգնել աւելի վճռական ըլլալու մրցակիցի բերդին առջեւ: Բայց արդեօք Կուարտիոլայի խումբին տկար կէտը կոլ նշանակե՞լն է, թէ՞ միջնապահ գիծը: Վստահաբար ինք է, որ աւելի լաւ գիտէ, մինչ յետսապահ գիծի վրայ ալ ձմեռնային փոխանցումներուն ձեռք բերուած մարզիկները երիտասարդ եւ անփորձ են եւ մօտիկ ապագային կասկածելի է անոնց մասնակցութիւնը:
Չելսի, որ տարեշրջանի սկիզբէն լաւ վիճակի մէջ կը գտնուէր, իր վերջին 5 մրցումներուն յաղթանակ արձանագրել ձախողելէ ետք (3 հաւասարութիւն եւ 2 պարտութիւն) իր վերջին ելոյթին յաղթած էր Վուլվզին, եւ մարզիչ Մարեսքայի տղաքը պիտի փորձեն իրենց լաւ ելոյթներուն վերադառնալ` գիտնալով, որ պարտութիւն մը զիրենք դուրս կրնայ ձգել «Չեմփիընզ լիկ»-ի առաջին 4 դիրքերէն:
Առաջին դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Իփսուիչը, եւ յաղթանակէ անկախ որեւէ արդիւնք պարտութիւն կրնայ ըլլալ Լիվըրփուլի համար, որ կը փորձէ ախոյեան դառնալ 2019-2020 տարեշրջանէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով` հաւասարելով Մանչեսթըր Եունայթըտի 20 տիտղոսներուն:
Երկրորդ դրքը գրաւող Արսենալ պիտի մրցի Վուլվզի դաշտին վրայ, որ երթին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Լոնտոնի «Էմիրէյթց» դաշտին վրայ:
Ստորեւ` 23-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Պորնմաութ – Նոթինկհամ Ֆորեսթ
Պրայթըն – Էվըրթըն
Լիվըրփուլ – Իփսուիչ
Սաութհեմփթըն – Նիւքեսըլ
Վուլվզ – Արսենալ
Մանչեսթըր Սիթի – Չելսի
ՎԱՂԸ
Քրիսթըլ Փելես – Պրենթֆորտ
Թոթենհամ – Լեսթըր Սիթի
Ասթոն Վիլա – Ուեսթ Համ
Ֆուլհամ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 19-րդ հանգրուանին պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայերն Միւնիխ պիտի մեկնի Ֆրայպուրկի «Եուրոփա Փարք» շթատիոնը, ուր պիտի ըլլայ հիւրը 8-րդ դիրքը գրաւող Ֆրայպուրկի: Ֆրայպուրկ իր վերջին 5 մրցումներէն 3-ը պարտութիւններով աւարտեց, բայց ֆութպոլի մէջ ամէն բան կրնայ պատահիլ, ինչպէս տեսանք չորեքշաբթի գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով Ֆեյենուրտ Ռոթերտամի դէմ, ուր Պայերն 30 վտանգաւոր յարձակումներ կատարեց Ֆեյենուրտի բերդին վրայ` առանց կոլ իսկ նշանակելու, մինչ Ֆեյենուրտ իր 8 առիթներէն 3 կոլեր կրցաւ նշանակել:
Հետաքրքրական մրցում կրնայ ըլլալ Ռետ Պուլ Լայփցիկի եւ Պայեր Լեւերքուզընի միջեւ: Լայփցիկ իր վերջին 5 մրցումներուն 3 յաղթանակ արձանագրեց, մինչ անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն յաջորդական 12 յաղթանակներ արձանագրեց: Երթին, Լեւերքուզընի դաշտին վրայ Լայփցիկ 3-2 արդիւնքով անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրած էր, եւ այդ պատճառով կրնայ ելոյթը դժուար ըլլալ, եւ կրնայ Պայերն Միւնիխի համար դրական ըլլալ, մանաւանդ եթէ Պայերն յաղթէ եւ Լեւերքուզըն կէտ կորսնցնէ: Այժմու կէտերու տարբերութիւնը 4 կէտ է եւ աւելնալու պարագային հաւանաբար դժուար ըլլայ Լեւերքուզընի համար Պայերնին հասնիլը:
Ստորեւ` 19-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Պայեր Լեւերքուզըն
Տորթմունտ – Վերտըր Պրեմըն
Ֆրայպուրկ – Պայերն Միւնիխ
Աուկզպուրկ – Հայտընհայմ
Մայնց – Շթութկարթ
Մէօնշընկլատպախ – Պոխում
ՎԱՂԸ
Հոֆենհայմ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
Զանքթ Փաուլի – Ունիոն Պերլին
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 22-րդ հանգրուանին, պարագլուխի դիրքը գրաւող Նափոլին պիտի հիւրընկալէ Եուվենթուսը: Նափոլի իր վերջին 6 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած է, մինչ Եուվէ 2025-ին 5 մրցումներ կատարած է` 1 յաղթանակ արձանագրելով: Բայց պէտք է ըսել, որ Եուվենթուս որեւէ մրցում չէ պարտուած «Սերի Ա.»-ի այս տարեշրջանին եւ ըստ երեւոյթին հաւասարութիւններու մրցանիշ պիտի արձանագրէ մինչեւ տարեշրջանի աւարտը: Վերջին տարիներուն, Նափոլի իր դաշտին վրայ միշտ ալ յաղթած է Եուվէին, որ 2019-էն ի վեր չէ կրցած յաղթել Նափոլիի դաշտին վրայ:
Բ. դիրքը գրաւող Ինթեր Միլան իր կարգին պիտի դիտէ այս մրցումը` յոյսով, որ Նափոլի կէտեր կորսնցնէ, բան մը, որ կ՛օգնէ իրեն` բարձրանալու առաջին դիրք, անշուշտ եթէ վաղը Լեչէի դաշտին վրայ կարենայ 3 կէտեր ձգել:
Ստորեւ` 22-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Քոմօ – Աթալանթա
Նափոլի – Եուվենթուս
Էմփոլի – Պոլոնիա
ՎԱՂԸ
Ա. Սէ. Միլան – Փարմա
Ուտինեզէ – Ա. Էս. Ռոմա
Լեչէ – Ինթեր Միլան
Լացիօ Ռոմա – Ֆիորենթինա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Վենեցիա – Վերոնա
Ճենովա – Մոնցա
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 21-րդ հանգրուանին Ռէալ Մատրիտ, որ անցեալ շաբաթ օգտուեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի անակնկալ պարտութենէն (Լեղանեսի դէմ) եւ գրաւեց պարագլուխի դիրքը, պիտի մեկնի Վայատոլիտի դաշտը` մրցելու համար տեղւոյն խումբին դէմ: Վայատոլիտ Ռէալ Մատրիտի դէմ 2019-էն ի վեր կոլ չէ կրցած նշանակել եւ ըստ երեւոյթին այս անգամ ալ դժուար պիտի ըլլայ դասաւորման վերջին դիրքը գրաւող խումբին համար, որ իր նախկին 20 մրցումներուն 14 կոլ նշանակած է միայն:
Բ. դիրքը գրաւող Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Վիարէալը: 5-րդ դիրքը գրաւող Վիարէալ իր վերջին մրցումին 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց 6-րդ դիրք գրաւող Մայորքան եւ ոգեւորուած դաշտ պիտի ներկայանայ: Երրորդ դիրքը գրաւող Պարսելոնա զարմանալի տարեշրջան մը կը բոլորէ` զօրաւոր խումբերու դէմ լաւ արդիւնքներ արձանագրելով, բայց համեմատաբար տկար խումբերէ պարտուելով:
Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Վալենսիան, որ …. 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը կը գրաւէ…
Վերջին անգամ 2020-ին Վալենսիա դրական (2-2) արդիւնք արձանագրած էր Պարսելոնայի դաշտին վրայ, բայց այս տարի բաւական անկայուն քաթալոնական ակումբին արդիւնքները կանխատեսելը շատ դժուար կ՛ըլլայ:
Ստորեւ` 21-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Մայորքա – Պեթիս
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Վիարէալ
Սեփա – Էսփանիոլ
Վայատոլիտ – Ռէալ Մատրիտ
ՎԱՂԸ
Ռայօ Վայեքանօ – Ժերոնա
Ռէալ Սոսիետատ – Խեթաֆէ
Աթլեթիքօ Պիլպաօ – Լեղանես
Պարսելոնա – Վալենսիա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ալավես – Սելթա Վիկօ
Ֆրասնսայի «Լիկ 1»-ի 19-րդ հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
ԱՅՍՕՐ
Մոնաքօ – Ռենն
Սթրազպուրկ – Լիլ
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Ռենս
ՎԱՂԸ
Լը Հաւր – Պրեսթ
Նանթ – Լիոն
Թուլուզ – Մոնփելիէ
Լանս – Անժէ
Նիս – Մարսէյ