Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Բանակէն Հրաժարականներ

January 22, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի յայտարարեց, որ յառաջիկայ 6 մարտին պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն:

Ան իր հրաժարականի նամակին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը ձախողեցաւ Իսրայէլը պաշտպանելու իր առաքելութեան մէջ, եւ պետութիւնը սուղ գին վճարեց»:

«7 հոկտեմբեր 2023-ին բանակի ձախողութեան պատասխանատուութիւնը կը կրեմ», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Բանակը երկար ամիսներ 7 ճակատներու վրայ պատերազմ մղեց եւ ունեցաւ ձեռքբերումներ, որոնք Միջին Արեւելքի դէմքը փոխեցին», նշեց Հալեւի:

«7 հոկտեմբեր 2023-ի ահաւոր ձախողութեան մէջ պատասխանատուութիւնս ամէն օր եւ ամէն ժամ հետս է», ըսաւ ան` նշելով. «Կեանքերու հսկայական կորուստներ ունեցանք, եւ պատերազմը վէրքեր ու սպիներ ձգեց մեր զինուորներէն ու անոնց ընտանիքներէն շատերուն մօտ»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակի հարաւային շրջանի հրամանատար Եարոն Ֆինքըլման իր հրաժարականը յայտարարած է:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի հրամանատարական կազմէն հրաժարականներու շարք մը տեղի ունեցած է:

Յիշեցնենք, որ կիրակի, 19 յունուարին ուժի մէջ մտաւ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը, որ կը բաղկանայ երեք փուլերէ, որոնց ընթացքին իսրայէլեան բանակը կը հեռանայ Կազայէն եւ պաղեստինեան Համաս շարժումի ու Իսրայէլի միջեւ գերիներու փոխանակում տեղի կ՛ունենայ:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ յայտարարեց. «Յառաջիկայ փուլին բարձրագոյն հրամանատարութեան փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ` առ ի պատրաստութիւն պատերազմի շարունակման»:

 

Նախորդը

Իրան Պատրաստ Է Վերսկսելու Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւնները

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Նոր Արտաքին Գործոց Նախարարի Նշանակումը Թուրքիոյ Մէջ Մտահոգութիւն Յառաջացուցած Է

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.