Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զուլալի» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Լիբանանի Մէջ

January 21, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՋԱՀ (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբը, իր այլազան գործունէութեան զուգահեռ, նախաձեռնած է շարք մը հայկական ժապաւէններու ցուցադրութեան` նպատակ ունենալով ներկայացնել ազգային ժառանգութիւնը եւ խթանել հայաստանեան ու սփիւռքահայ բեմադրիչներու գործերը:

Այդ ծիրին մէջ ուրբաթ, 17 յունուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկ Օրդեանի «Զուլալի» գեղարուեստական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնը հիմնուած է Նարինէ Աբգարեանի համանուն վէպին վրայ եւ  կ՛անդրադառնայ համամարդկային արժէքներուն` ընտանիք, սէր, ցաւ ու տառապանք, ներկայացնելով զգացմունքային պատմութիւն մը:

Տաւուշի բնութեան հրաշալի պատկերներուն զուգահեռ, ժապաւէնին մէջ շեշտուած կերպով կ՛երեւին բնակիչներուն թշուառութիւնը եւ իրենց ճակատագիրին լքուած սահմանամերձ գիւղի բնակիչներուն հոգեվիճակը: Մէկ յարկի տակ ապրող հիմնական հերոսներէն իւրաքանչիւրը կը մարմնաւորէ տարբեր նկարագիր ու հոգեբանութիւն, որուն վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունին կեանքի պայմաններն ու մարդոց դրական թէ ժխտական վերաբերումները:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութիւն ունեցող ժապաւէնին մէջ յստակ կերպով կ՛ընդգծուի լաւին ու վատին հանդիպումն ու բախումը, ժխտականին յաջորդող դրականը, որով ալ իր աւարտին կը հասնի «Զուլալի»-ն:

Ցուցադրութեան ներկայ գտնուող հանդիսատեսը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց ժապաւէնին նկատմամբ` շեշտելով անոր գեղարուեստական արժէքը եւ խորիմաստ պատգամը:

ՋԱՀ յանձնախումբը յառաջիկային նաեւ պիտի կազմակերպէ նման մշակութային ձեռնարկներ, որոնք միտուած են սփիւռքի եւ հայրենիքի մշակութային կապերու ամրապնդման:

«Զուլալի» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Լիբանանի Մէջ
«Զուլալի» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Լիբանանի Մէջ
Նախորդը

Դոկտ. Ժան Կէօքճեան` Միջին Արեւելքի Ուսումնասիրութիւններու Միութեան 2025 Թուականի Ծրագիրի Մշակման Խորհուրդի Անդամ

Յաջորդը

«Եու. Էֆ. Սի. 311». Արման Ծառուկեան Չմասնակցեցաւ Մրցումին` Վիրաւորուելէ Ետք

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը
Գաղութային

ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը

November 10, 2026
Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին
Գաղութային

Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.