Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քումաթի. «Կառչած Ենք Բանակին Հետ Գործընկերութեան Եւ Պատրաստ Ենք Բոլորին Հետ Գործակցելու Ու Պետութիւնը Կառուցելու»

January 20, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի յայտնեց. «Տեղի ունեցած հաղորդակցութիւններուն ծիրին մէջ լաւատեսութեան մթնոլորտ մը կայ»` նշելով. «Երբեք որեւէ պետութեան դիմաց ճամբան չփակեցինք, այլ կ՛ըսէինք, որ Լիբանան պէտք է դէպի արեւելք եւ արեւմուտք բացուի, եւ միայն արեւմուտքով չսահմանափակուի»:

«Մենք լիբանանեան ներքին կացութեան հետ գործակցող, ողջունող եւ հասկցող էինք եւ տակաւին ենք, ինչպէս նաեւ պատրաստ ենք ամրապնդելու պետութեան կացութիւնը քաղաքացիին ծառայութեան մէջ, եւ ոեւէ անձի հետ որեւէ խնդիր չկայ», շեշտեց ան:

«Մենք պատրաստ ենք եւ կառչած Դիմադրութեան, որովհետեւ ան Լիբանանի ուժն է, եւ կառչած ենք գործընկերութեան լիբանանեան բանակին հետ, որուն հետ կռուեցանք եւ Ժրուտը ազատագրեցինք հաւատադրժողական ահաբեկչութենէն եւ միասնաբար Լիբանանը պաշտպանեցինք վտանգէն: Մենք պատրաստ ենք բոլորին հետ գործակցելու եւ բացուելու, պետութիւնը կառուցելու եւ աշխատելու ի շահ քաղաքացիին, ինչպէս նաեւ ձեռնարկելու վերաշինութեան, պատսպարման, հաստատութիւններու կառուցման, իշխանութիւններու անջատման եւ հերթափոխութեան հոլովոյթը` կառուցելու համար հայրենիքը, անոր մէջ գտնուող մեր բոլոր գործընկերներուն հետ», նշեց Քումաթի:

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահը երէկ «Օ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ գոյացած էր համաձայնութիւն կամ միջազգային հովանաւորութիւն, որուն մթնոլորտին մէջ էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ որուն համաձայն նախ եւ առաջ կ՛որդեգրուէր հանրապետութեան նախագահի համար Ժոզեֆ Աունի թեկնածութիւնը, իսկ երկրորդ կէտը, որ կը վերաբերէր «խոստում եւ երաշխիքներ տուած» Նեժիպ Միքաթիի վարչապետի պաշտօնին վերադարձին, տապալումի ենթարկուեցաւ, «եւ հանրապետութեան նախագահութիւնը ասոր մէջ դեր չունի, եւ պատասխանատուն շրջանային-միջազգային կնքահայրն է, որ այս կէտը չյարգեց»:

«Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը իր կարծիքը փոխեց արտաքին միջամտութենէ ետք եւ դժկամութեամբ որդեգրեց Ժոզեֆ Աունը, եւ մենք համաձայնութենէն դուրս չեկանք երկրին շահին համար», ըսաւ ան:

«Արտաքին կնքահայրը չյարգեց Պըրրիին առաջին կէտին վերաբերեալ տուած իր խոստումը, ինչ կը վերաբերէր վարչապետին, սակայն այսօր մնացեալ կէտերուն վերաբերեալ փոխհասկացողութիւնը վերահաստատուեցաւ», յայտնեց Քումաթի:

«Համաձայնութեան միջազգային հովանաւորութեան ծիրին մէջ մեզի հաւաստիացում տրուեցաւ հրամանագիրներու ստորագրումի նիւթին վերաբերեալ, որ կը կարօտի երրորդ ստորագրութեան մը, որ ելեւմուտքի նախարարինն է, եւ նախանձախնդրութիւն կայ ելեւմուտքը շիի երկեակի ծիրին մէջ պահելու, որպէսզի երկրին մէջ եռակողմ գործընկերութիւնը հաստատուի», նշեց Քումաթի:

«Վարչապետի նշանակման նկատմամբ ժխտական կեցուածքէն ետք շտապեցին Պըրրիի մօտ, որպէսզի վերահաստատեն հաւաստիացումները, որոնք մեզի տրուեցան, ուստի իբրեւ երկեակ վերադարձանք մեր հիմնական ընտրանքին, այսինքն` մասնակցութեան եւ համախոհութեան», նշեց ան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանան Յաղթողի Երկիր Չէ, Այլ Ազատութեան Եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ Համակեցութեան»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.