Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյն յայտնեց. «Կ՛ուզենք, որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումները իրենց զէնքերը վար դնեն, եւ կը փորձենք զինեալ խմբաւորումները համոզել իրենց զէնքերը վար դնելու կամ պետական ապահովական ուժերուն միանալու»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
«Պաղտատ պատրաստ է Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ լարուածութիւնները հանդարտեցնելու, եթէ իրմէ այդ մէկը խնդրուի», նշեց իրաքեան դիւանագիտութեան պետը:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնեց. «Իրաք Սուրիոյ նկատմամբ պիտի հանգստանայ այն ատեն միայն, երբ քաղաքական համապարփակ հոլովոյթ տեսնէ»:


