Պոլսոյ մէջ, տասնութ տարի առաջ` 19 յունուար 2007-ին Հրանդ Տինք զոհ գնաց անարգ ոճիրի մը:
Հրանդ Տինք ծնած էր 15 սեպտեմբեր 1954-ին, Մալաթիա: Եօթը տարեկանին ծնողքին հետ Մալաթիայէն տեղափոխուած է Պոլիս: Ուսումը ստացած է Պէզճեան վարժարանին, այնուհետեւ` Սուրբ Խաչ դպրեվանքին մէջ: Աւարտած է Պոլսոյ պետական համալսարանի կենսաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան բաժանմունքները: Զինուորական ծառայութենէն ետք նուիրուած է հրապարակագրական ասպարէզին:
Տինք 1996-ին Պոլսոյ մէջ հիմնեց «Ակօս» երկլեզու (հայերէն եւ թրքերէն) շաբաթաթերթը` նպատակ ունենալով ուշադրութիւն հրաւիրել եւ հանրութիւնը իրազեկ դարձնել հայերու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ այլ փոքրամասնութիւններու խնդիրներու, պաշտպանել հայութեան իրաւունքները եւ հաշտարարի դեր կատարել հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ:
Հրանդ Տինք մնայուն կերպով հանդէս եկած է հայ եւ թուրք ժողովուրդներու երկխօսութեան կոչերով: Ան բացայայտօրէն խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան եղելութեան փաստին մասին: Միշտ քննադատած է թրքական կառավարութեան գործողութիւնները` ազգային փոքրամասնութիւններու ճնշման եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման վերաբերող: Ան յաճախ սպառնալիքներ ստացած է թուրք ազգայնամոլներէ` իր հայկական ծագման եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բացայայտ խօսելուն համար:
Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ 19 յունուար 2007-ի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Պոլսոյ Շիշլի հայաշատ թաղին մէջ գտնուող «Ակօս»-ի խմբագրատան առջեւ, գլուխին արձակուած երեք կրակոցներէ: Մարդասպանը` 17-ամեայ Էօկիւն Սամասթ, ձերբակալուեցաւ: Սպանութեան կազմակերպման մէջ մեղադրուեցաւ Էրկենեքոն թրքական ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութիւնը:
Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 23 յունուար 2007-ին, Գումգափուի Սուրբ Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման արարողութեան թափօրին հետեւեցան հարիւր հազարաւոր մարդիկ` վանկարկելով «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք»: Տինքի մարմինը Պալըքլըի հայկական գերեզմանատան մէջ ամփոփուեցաւ:
Թրքական լրատուամիջոցներ դատապարտեցին Տինքի սպանութիւնը, իսկ Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ աքեպիսկոպոս Մութաֆեան հայ համայնքէն ներս տասնհինգ օրեայ սուգ յայտարարեց:
Տինքի սպանութեան բօթը իմանալով` Արամ Ա. կաթողիկոս յայտարարեց, որ արդարութան ու ազատութեան ձայնը կարելի չէ լռեցնել:
«Ազդակ» իր կարգին դատապարտեց Տինքի անարգ սպանութիւնը: Անոր յիշատակին լոյս տեսաւ յաւելուած մը, ուր կը շեշտուէր որ Թուրքիոյ պետութիւնը լիովին պատասխանատու է Հրանդ Տինքի սպանութեան:
Լիբանանահայութիւնը Տինքին յիշատակը ոգեկոչեց յատուկ ձեռնարկով, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Տինքով թրքական ընկերութեան մէջ սկսած նոր մտածելակերպի եւ գաղափարախօսութեան:
Տինք կը հաւատար, որ թրքական պետութիւնը ըստ էութեան ազգայնամոլական գաղափարախօսութիւն կը տարածէր: Տինքի ռազմավարութիւնը թուրքերու միջոցով թրքական պետութեան դէմ երկարատեւ պայքար մղելն էր:



