Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետութեան Միւֆթիին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Կը Յուսամ Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Կառավարութիւն Կը Կազմուի, Որպէսզի Հարցերը Ճիշդ Ուղղութեան Վրայ Դրուին» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

January 13, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան Տար Ֆաթուայէն պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ շաբաթ օր այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Տէր կը կանգնինք երդման ճառի ամբողջ բովանդակութեան, որ լիբանանեան գոյացութեան հոգին վերադարձնելու համազօր է: Կ՛ուզենք պետութիւն մը, ուր արդարութիւնը կ՛իշխէ, ինչպէս նաեւ օրէնքը, սահմանադրութիւնն ու Թաէֆի համաձայնութիւնը կ՛իշխեն: Մենք հասարակութեան հիմնական մաս ենք, եւ մենք մեզի համար բան չենք ուզեր, այլ լիբանանեան հասարակութեան բաղադրիչ մասերուն միջեւ հաւասարակշռութեան հաստատման համար, եւ անիկա ձեր երդման արարողութեան մէջ նշուած էր»:

«Միակ մաղթանքս այն է, որ ձեր իշխանութիւնը արդարութեան իշխանութիւնը ըլլայ, եւ լիբանանեան բանտերուն մէջ ոեւէ անիրաւուած չմնայ: Լիբանանցիները ձեր նկատմամբ մեծ յոյս ունին, եւ իրենց մեծ ուրախութիւնը արտայայտեցին հանրապետութեան նախագահ ձեր ընտրութեան նկատմամբ», ըսաւ միւֆթին:

Նախագահ Աուն իր կարգին յայտնեց. «Չեկայ քաղաքականութեամբ զբաղելու, այլ պետութիւն կառուցելու, եւ պետութիւնը միայն արդարութեան վրայ հիմնուած է, եւ հաւասարութեան վրայ` հասարակութեան բոլոր բաղադրիչ մասերուն միջեւ, որոնց կը միաւորէ մէկ ինքնութիւնը: Ասիկա իշխանութիւնն է իւրաքանչիւր լիբանանցիի, ինչ ալ ըլլայ անոր դիրքը, ինչ ալ ըլլայ անոր համայնքը:

«Մեծ առիթ ունինք, կա՛մ զայն կ՛օգտագործենք, կա՛մ ալ կը կորսնցնենք: Եւ որպէսզի անկէ օգտուինք, պէտք է մէկ ձեռք ըլլանք: Կը յուսամ կարելի եղածին չափ շուտ կառավարութիւն կը կազմուի, որպէսզի հարցերը ճիշդ ուղղութեան վրայ դրուին, եւ սկսինք վստահութեան կամուրջներ կառուցել պատրաստակամ արտասահմանին հետ: Կարողութիւնները, կարելիութիւններն ու մարդուժը ունինք, եւ ասիկա արդիւնաբերութեան տեւական կարողութեան հարստութիւն է եւ աւելի կարեւոր է, քան բնական հարստութիւնները:

«Պահանջուածը միայն բարի կամքն է ի շահ Լիբանանի, եւ ոչ թէ անձնական շահին: Պէտք է արտաքին օժանդակութեան դիմենք եւ ոչ թէ օտարը օգտագործենք ներքին առաւելներու արձանագրման համար, եւ որեւէ համայնք կամ անձ ուրիշէն նախապատիւ չէ: Բոլորս լիբանանցիներ ենք, նոյն ինքնութիւնը ունինք եւ նոյն ազգային քայլերգը կ՛երգենք, եւ լիբանանեան դրօշը մեր բոլորինն է: Տարբեր կարծիք ունենալը սրբազան է, սակայն հակամարտութեան իրաւունքը անընդունելի է»:

 

 

 

Նախորդը

Դամասկոսի Մէջ Միքաթի-Շարհ Հանդիպում

Յաջորդը

Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Միջեւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.