Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Ընդդիմութեան Մէջ Վարչապետի Պաշտօնին Համար Ունինք Երկու Թեկնածու` Աշրաֆ Ռիֆին Եւ Ֆուատ Մախզումին»

January 11, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հինգշաբթի գիշեր «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «պէտք է շնորհաւորել բոլոր լիբանանցիները, որոնք հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան երկար սպասեցին»` նշելով. «Ասիկա առաջին անգամն է, որ նախագահ մը կ՛ընտրուի տապալած սուրիական վարչակարգի եւ դիմադրութեան առանցքի ազդեցութենէն դուրս»:

«Ժոզեֆ Աունի նախագահ ընտրութիւնը նոր փուլի սկզբնաւորութեան ցուցանիշն է` հեռու մնալով զգետնումի, պարտութեան կամ այդպիսի որակումներէ», ըսաւ ան:

«Այն ինչ այսօր տեղի ունեցաւ համախոհութիւն չէ, այլ այն, որ Դիմադրութեան առանցքի խմբակը չկրցաւ զօր. Ժոզեֆ Աունի ի նպաստ քուէարկելէ այլ բան ընել», յայտնեց Ժահժահ:

«Շիի երկեակը կը մերժէր Ժոզեֆ Աունի նախագահ ընտրուիլը, որովհետեւ վերջինս չգործադրեց անոր որեւէ պահանջը, որ տրամաբանութեան շրջագիծէն դուրս էր: Բայց եւ այնպէս անկարելի է նոր նախագահին իր ծրագիրի եւ երդման ճառին մէջ արծարծածին գործադրութեան համար արտօնեալ ժամանակ տալ` նկատի ունենալով բազմաթիւ նկատառումներ, որոնցմէ են հարաւային Լիբանանի մէջ գիւղերու իսրայէլեան բռնագրաւումը: Սակայն հակառակ ատոր, ես այսօր լաւատես եմ», ըսաւ Ժահժահ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը նաեւ աւելցուց. «Կ՛ուզեմ բաղդատել նախագահ Աունի եւ նախկին նախագահ Միշել Աունի ճառերը, ինչ կը վերաբերի զէնքին եւ զայն պետութեան մենաշնորհը դարձնելուն: Մեծ տարբերութիւնը կը նկատենք, եւ ատկէ մեկնելով մեծապէս գոհ ենք նոր նախագահի ճառէն, որ ընդգծեց պետութեան իշխանութեան ամրապնդման եւ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու անհրաժեշտութիւնը»:

 

Նախորդը

Մուսա. «Շիի Երկեակը Խորհրդակցութիւններուն Ընթացքին Ստացաւ Այն Պատասխանները, Որոնց Կարիքը Ունէր, Ուստի Աունը Նախագահ Ընտրեց»

Յաջորդը

Այցելելէ Ետք Պաապտայի Պալատ. Միքաթի. «Գոյութիւն Ունին Սահմանադրական Քայլեր` Կազմելու Համար Կառավարութիւն Մը, Որ Կարող Է Գործադրել Նախագահ Աունի Երէկ Բացատրած Ուղղուածութիւնը»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.