9 յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ողջունած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղարի այցելութիւնը Հայաստան եւ ընդգծած կարեւորութիւնը բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններու, որոնք հիմնուած են Հայաստան-Իրան երկկողմանի բազմաոլորտ յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութեան վրայ:
Ահմատիան իր կարգին նշած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները ունին ամուր հիմեր, եւ որեւէ բան չի կրնար փոխել կամ խարխլել զանոնք:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձած են շրջանային հոլովոյթներուն եւ այդ ծիրին մէջ Հայաստան-Իրան գործակցութեան հեռանկարներուն:
Գոհունակութեամբ արձանագրելով Հայաստան-Իրան երկկողմանի զարգացող յարաբերութիւնները` զրուցակիցները քննարկած են արդէն իսկ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը եւ նախանշած համագործակցութեան նոր ուղիները:
Անդրադարձ կատարուած է տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, միտքեր փոխանակուած են ենթակառոյցներու զարգացման ծրագիրներու շուրջ:


