Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հատի Ապու Հասան «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «9 յունուարի նիստի յետաձգման բեմագրութեան համար արդարացումներ չկան»:
«Ժամանակն է վերջ տալ (նախագահական աթոռի) այս դատարկութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ծայրայեղ անհրաժեշտութիւն կայ, որ նիստը արդիւնաւէտ ըլլայ եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրենք: Կողմերը պէտք է գիտակցին, թէ ներքին կարգաւորումն է, որ հայրենիք կը կառուցէ, եւ ոչ թէ արտաքին փոխհասկացողութիւնները»:
«Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի` բանակի հրամանատարի թեկնածութեան զօրակցիլը նախագահի ընտրութեան հարցը տեղէն շարժեց, եւ ատիկա չի նշանակեր, որ մնացեալ անձնաւորութիւնները արժանի չեն», յայտնեց երեսփոխանը:
Ապու Հասան երեսփոխանական պլոքներուն կոչ ուղղեց` «զօր. Ժոզեֆ Աունի թեկնածութեան վերաբերեալ յստակ դիրքորոշում յայտարարելու»:
«Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքին եւ մնացեալ պլոքներուն միջեւ հաղորդակցութեան կապերը բաց են», նշեց ան:


