Ամանորի սեմին, հայ քրիստոնեայի աւելի քան երկհազարամեայ խոր հաւատքի ու բիւրեղ սէրի հոգեդարձով, որովհետեւ այլընտրանք չունինք, մեր աչքերը երկիրէ երկինք բարձրացուցած եւ մեծամտութենէ ու եսակեդրոնացումէ մերկացած, եկէ՛ք խորհրդածենք:
Ի՞նչն է հինն ու նորը ժամանակին մէջ, որ «տարի»-ով կը սահմանուի: Մեր համազգային կեանքին մէջ ինչպէ՞ս հինը պիտի թօթափենք եւ նորը հագնինք: Տիեզերքի դարաւոր գոյութեան ի տես եւ անոր անհունութեան մէջ ո՞վ ենք մենք, որ այսօր մարմինով կանք եւ վաղը չկանք:
Երբ ծածկի մը տակ գտնուինք (եկեղեցի, հանդիսասրահ, բնակարան, վրան), կ՛անդրադառնանք, որ պատսպարուած ենք: 2025-ին, ուր որ ալ ըլլանք, խորապէս գիտակցինք, թէ ամէնէն ապահով ծածկը երկինքն ու երկիրը ստեղծած եւ պահպանող Աստուածն է, որուն պատկերն ու նմանութիւնը կրելու առանձնաշնորհը մարդ արարածներուս տրուած է ի վերուստ (հմմտ. Ծնունդներ 1.26): Սա պատիւ ու պա՛րտք է միանգամայն, որովհետեւ «Ո՜վ Տէր Քրիստոս, հոգին ես մեր երեսին եւ զօրութիւնը` մեր գեղեցկութեան» (Նարեկ աղօթամատեան Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, Բան ՀԶ, Ա., էջ 355):
Մարդ միաժամանակ ինքզինք փոքր ու մեծ եւ տկար ու ուժեղ կը զգայ, երբ ամէն արհեստական ծածկէ զերծ, բաց երկինքին տակ է եւ միշտ կը յիշէ, թէ` «Երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ, երկնակամարը անոր արարչութեան կը վկայէ» (Սաղմոսներ 19.1). այսինքն ամբողջ ստեղծագործութիւնը ծագէ ի ծագ Աստուծոյ փառքը կը ցոլացնէ, եւ որովհետեւ մենք մեր Արարիչին պատկերին ու նմանութեան համաձայն գոյացած ենք, մասնակից ենք Անոր փառքին գովաբանութեան, տարածումին ու ծաղկումին: Ասոր արձագանգն իսկ է տէրունի հրաւէրը, որ կ՛ըսէ. «Դուք նախ խնդրեցէք, որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ, եւ աշխատեցէք իր կամքը կատարել» (Աւետարան ըստ Մատթէոսի 6.33):
Այս հրաւէրը Յիսուսի ուսուցումներուն մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ, եւ զայն կատարելապէս ըմբռնելու համար պարտաւոր ենք ուշադրութեամբ կարդալ Աւետարան ըստ Մատթէոսի 6.24-32-ը, ուր Աստուած ու աշխարհիկ մտահոգութիւններ իրարու կը բախին, եւ մենք կը հրաւիրուինք Աստուծոյ նախապատուութիւն տալ` Աստուծոյ արքայութիւնը վայելելու եւ երկնաբաշխ արդարութեան մէջ ապրելով մեր ամէնօրեայ կերակուրի եւ հագուստի տաղտուկներէն ձերբազատելու, որովհետեւ` «Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի» (Աւետարան ըստ Մատթէոսի 6.33):
Առաւել, յիշենք, որ Աստուծոյ արքայութեան նախընտրութիւն տալու Յիսուսի հրահանգը կը գտնուի Լերան քարոզի շրջագիծին մէջ (Աւետարան ըստ Մատթէոսի 5.1-7.28), ուր խստիւ կ՛արգիլուի մեր ողորմութիւնը, աղօթքն ու ծոմապահութիւնը ի ցոյց մարդերու կատարել, եւ փոխարէնը` կը կանչուինք ականջալուր դառնալու Աստուածորդիին «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի արքայութիւնը մօտեցած է» (Աւետարան ըստ Մատթէոսի 4.17) կոչին: Ապաշխարել` կը նշանակէ Աստուծոյ դառնալ եւ կատարելապէս Անոր վստահիլ. մեղքէն Անմեղին ու անմեղութեան երթալ եւ մեզի եկած Արքայէն ու արքայութենէն չբաժնուիլ:
Ս. Գրիգոր Տաթեւացի (1346-1409) կը գրէ. «Երկինքի արքայութիւն կը կոչուի նաեւ սուրբ եկեղեցին, որովհետեւ բնութենակից է վերին արքայութեան, ինչպէս Յիսուս կ՛ըսէ. «Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի ծովը նետուած ուռկանի մը, ուր ամէն տեսակ ձուկ կը բռնուի» (Աւետարան ըստ Մատթէոսի 13.47)» (հմմտ. Ոսկեփորիկ, Գլուխ Ա. – «Երկինքի արքայութեան մասին», https://ter-hambardzum.net/wp-content/uploads/2017/04/Grigor_Tatevaci_Vokeporik.pdf):
Հայ եկեղեցի ուռկանը նետուած է հայ ազգի ծովուն մէջ եւ ամէն տեսակ ձուկ կը բռնէ: Աստուած պիտանի ձուկերը կը հաւաքէ եւ Իր արքայութեան սեղանին վրայ կը դնէ…
1 յունուար 1929-ի «Ազդակ»-ի խմբագրականին մէջ կը կարդանք. «Թէ՛ մայր երկրի եւ թէ՛ ալ գաղութահայ կեանքի մէջ մխիթարական ոչ մէկ երեւոյթ արձանագրեց անցեալ տարին» (http://tert.nla.am/archive/NLA%20TERT/Azdak1927/1929/186_ocr.pdf):
Պէտք է գրգռել հայ պատմութեան 1928 տարուան էջերը մեր ազգային կեանքի անմխիթար վիճակը ըմբռնելու համար: Անշուշտ զայն չենք կրնար հոս կատարել: Բայց տիրական է այն իրողութիւնը, որ դժբախտաբար պատմութիւնը ինքզինք կրկնեց նաեւ 2024 տարուան ընթացքին…
Հին տարին աւարտեցաւ: Նոր տարին բարով գայ եւ օրհնեալ ըլլայ…
Անթիլիաս, 1 յունուար 2025



