Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպասե՞նք Տակաւին

December 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

2024-ը պատմական եւ անկիւնադարձային  թուական մը պիտի մնայ երկրագունդի տարեգրութեան մէջ:

Միջազգային քաղաքական կենսոլորտին անսովոր  ապականումը վտանգալից իրադրութեան մէջ  մխրճած է մեր աշխարհը: Մտահոգիչ այս  մագլցումը հետեւանք է` միջազգային   փոխյարաբերութիւններու արտասովոր լարուածութեան, վճռորոշ հարցերու հանդէպ   մարդկային նկարագիրի նուազագոյն  առանձնայատկութիւններու, գիտակցական մակարդակի սնանկութեան:

Ճգնաժամային այս կացութեան մէջ մեր  ժողովուրդին համար կենսական հարցը հետեւեալն  է. Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի կրնա՞յ  ճիշդ կողմնորոշուիլ ներկայ անբարենպաստ եւ   միաժամանակ վտանգալից դրութեան մէջ: Ան պիտի  որդեգրէ՞ ազգային ներքին եւ արտաքին խոհեմ, կշռադատուած ու հեռատես քաղաքականութիւն մը, որ մեզ փուլ առ փուլ հասցնէ մեր համընդհանուր   նպատակին: Այլ խօսքով, կերտումին ինքնիշխան, բարգաւաճ եւ ընկերայնօրէն արդար Հայաստանի, որ համայն հայութեան անփոխարինելի եւ անզիջում  հեռանկարն է` դարեր շարունակ փայփայուած:

Հայ ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք, ի վիճակի՞ է իրմէ ակնկալուածը տալու ազգային-քաղաքական, հոգեմտաւոր ու տնտեսական մարզերէ ներս: Կրնա՞նք անցեալի փորձառութիւնն ու կուտակուած դասերը վերասերտելով` նաւարկել մեր ժողովուրդին թշնամի եւ մրցակից ուժերուն կողմէ ցցուած խութերուն մէջէն:

Պատասխանը դրական եւ գոհացուցիչ չէ դժբախտաբար: Պիտի հաստատենք այս մէկը:

Մեր ժողովուրդը այսօր իր ամբողջութեամբ կը ներկայացնէ տխուր, վհատեցուցիչ վիճակ մը: Անմիաբան ու իրերամերժ, աւելի երկփեղկուած,  քան` Պաղ պատերազմի տարիներուն: Այս  ճակատագրական օրերուն առաւելագոյն չափով  միատարր ու կեդրոնաձիգ ըլլալ կ՛ակնկալուէր  բոլորէն: Այս ափսոսալի իրադրութեան մէջ իբրեւ ցուցանիշ կը ներկայանայ, ի՜նչ հեգնանք, Հայաստանը: Մինչդեռ ան սահմանուած է ըլլալու այն վէմը, որուն վրայ հայութիւնը իր միութիւնը պիտի վկայէ: Յատկապէս` ա՛յս  ճգնաժամային  օրերուն:

Պատճա՞ռը. ազգային խելամիտ ուղղութեան, քաղաքականութեան եւ գործելակերպի   բացակայութիւնն է: Այս իրողութիւնը մեր ժողովուրդը կը պահէ` գրեթէ շուար, մոլորուն, գիտակցութիւնը կորսնցուցած, խարխափողի  վիճակին մէջ: Հեղինակաւոր ազգային-պետական  ղեկավարութեան մը բացակայութիւնն է  հաւանաբար, որ մեր ժողովուրդը կ՛ապակողմնորոշէ այսօր, կը սրէ հակասութիւն, քէն ու   այլամերժութիւն անոր մէջ: Շարժառիթ կը ծառայէ քաղաքացիական ընդհարումի: Պարարտ հող կը  դառնայ օտար կասկածելի ու վտանգաւոր   թափանցումներու համար: Դուռը լայն կը բանայ անոնց առջեւ: Բարեգործութեան ազատութիւններու   դիմակի ու պատրուակի տակ յաճախ:

Ազգային առողջ, իրապաշտ ու հեռատես  քաղականութիւն մը մեր ժողովուրդին պիտի խնայէր  ներկայ խառնաշփոթ, ծփուն, որոշակի հեռանկարէ զուրկ այս վիճակը: Եթէ միայն  պարզ ու անժխտելի դառնար, որ անցնող հարիւրամեակին մեր  ժողովուրդը, ի հեճուկս բազմաթիւ սխալներու ու անիրաւութեանց, վաստակ մը կերտած է հայրենիքի մէջ, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ իւրաքանչիւր հայու: Եթէ կարենայինք մեզմէ վանել հիւանդագին ամէն ծայրայեղութիւն, ոչնչապաշտութիւն, որ կը  ժխտէ մեր դարաւոր անցեալը, վնասակար եւ անընդունելի կը նկատէ այն, ինչ որ երկնուած է հայու քրտինքով, բազուկով ու իմացականութեամբ, հերոսական ճգնումով` յատկապէս: Եւ վերջապէս,  մենք կրնայինք  խուսափիլ  ներկայի պատահածին  նման  աննախանձելի դրութեան մը ստեղծումէն  Հայաստանի մէջ, եթէ աննախապաշար դատումով ու անկեղծ նախանձախնդրութեամբ լեցուն,  անցեալէն ժառանգած լաւը պահէինք` զայն դարձնելով մեզի հիմք, որդեգրէինք վերանայուած վարքագիծ, ընդունէինք սրբագրուած քաղաքականութիւն, խոհեմ գործընթաց, որ գէթ մեր ունեցածին գոյութիւնը պիտի ապահովէր:

Անծրագիր, կշռադատումէ զուրկ, շտապողական  ու յոխորտալից գործընթացն էր, որ մեր ժողովուրդը տխուր  հետեւանքի հասցուց արցախեան պահանջատիրութեան մէջ, ուր երէկի երդուեալ   պնդաճակատները (Արցախը Հայաստան է  եւ վերջ)  փոխզիջողութիւն կը մուրան այսօր, առանց ողորմածներ գտնելու իրենց դիմաց…

Հայ ժողովուրդը, հեռաւոր սփիւռքէն մինչեւ  Հայաստան, առաւելագոյն միատարրութեան կը կարօտի այսօր: Աւարտող տարուան ընթացքին տարակարծութիւն, վէճ, հակոտնեայ կեցուածք, սկզբունքային անհաշտ բեւեռներ յայտնուեցան  եւ տակաւ կը խորանան ժողովուրդին մէջ:

Ներքնապէս անմիաբան, բազմագլուխ, յաճախ ալ հակադիր նախաձեռնութիւններով զիրար խաչաձեւող հայ ժողովուրդը դասեր պարտի քաղել արցախեան ձախողութենէն:

Անմիաբանութեան վնասը եռապատիկ պիտի կշռէ մեր վրայ, քան ինչ որ կը կատարենք ներկայիս` իրարմէ անջատ ու մեկուսի,  հայ ժողովուրդի ու հայրենի պետութեան յառաջդիմութեան անունով:

Շատ բան կախեալ է Հայաստանի ներկայ  իշխանութեանց կողմէ սփիւռքին եւ յատկապէս անոր քաղաքական կառոյցներուն վերապահուած դերէն, հայրենի պետականութեան ընդհանուր  քաղաքականութեան ճշդումին մէջ: Հայութիւն եւ Հայաստան մէկ են եւ անբաժան: Մենք մեր մասնակցութիւնը բերած ենք եւ տակաւին պիտի  ունենանք մեր ժողովուրդի պատմական բախտի  վճռումին մէջ` ամբողջակա՛ն մասնակցութեամբ: Ո՛չ ոք այդ իրաւունքը կրնայ զլանալ տալու մեզի:

Ուշացած ենք արդէն որդեգրելու համահայկական  քաղաքականութիւն մը, տեսակ մը Ազգային ուխտ, որ ցոլացնէ մեր ժողովուրդին սկզբունքային  միահամուռ  կեցուածքը Հայաստանի   Հանրապետութեան քաղաքական ապագային, վարչաձեւին, տնտեսա-ընկերային կառոյցին, Հայ դատին ու սփիւռք-հայրենիք կապերու բնոյթին  շուրջ:

Մենք մեզ չօրօրենք` հռչակագիրներու,  համաձայնագիրներու թեւերուն վրայ ընկողմանած,  մեր ժողովուրդը ենթարկելով նոր յուսախաբութիւններու: Անցնող տարիներէն աւելի  ծանր… Վհատութեան նախանշանները նկատելի են արդէն թէ՛ հայրենաբնակ, թէ՛ արտերկրի հայութեան մէջ: Ափ մը ժողովուրդ, իր մասնիկի վերածուած հայրենիքով, բռնցքանալու փոխարէն, ինքզինք տակաւ ուժասպառ կը դարձնէ: Տակաւին չի տեսներ իր գոյութեան դէմ լուռ եւ յամառ  պատրաստութիւնները, Հայաստանի  Հանրապետութեան բոլորտիքը կատարուող, զինք  ջնջելու վաղեմի ծրագիրները:

Սպասե՞նք տակաւին… 2025-ը պիտի սթափեցնէ՞  մեզ եւ հայ ժողովուրդը համախմբէ՞ մէ՛կ, իրատես, գործնապաշտ քաղաքականութեան մը ուղիին վրայ:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. Դէպի 100-Ամեակ (Դ. Վերջ)

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (30 Դեկտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.