Նորվեկիացի ճատրակի աշխարհի նախկին ախոյեան Մակնուս Քարլսըն յայտարարեց, որ ինք կը մնայ աշխարհի լաւագոյնը եւ ոչ թէ այժմու ախոյեան հնդիկ Կուքէշ Տի.-ն (Տոմարաչու):
Քարլսըն 2013-էն 2023 աշխարհի ախոյեանն էր` 4 անգամ պաշտպանելով ախոյեանի իր տիտղոսը, սակայն 2023-ին մերժած էր մրցիլ` տիտղոսը յանձնելով չինացի Տին Լիրենին: Վերջինս այդ տիտղոսին համար յաղթած էր ռուս Իան Նեփոմնիաշչիին: 2024-ի դեկտեմբերին 18 տարեկան Կուքեշ Տի. յաղթած էր Տին Լիրենին` դառնալով աշխարհի ամէնէն երիտասարդ ախոյեանը:
«Կուքեշ Տի. արժանի է ամէնէն բարձր գնահատանքին` իբրեւ աշխարհի ախոյեան, մանաւանդ մրցակիցին յաղթելուն պատճառով, բայց երբ խօսքը կը վերաբերի աշխարհի լաւագոյն ճատրակ խաղցողին, ես տակաւին լաւագոյնն եմ», ըսաւ Քարլսըն:
Նորվեկիացի վարպետը աւելցուց, որ իրեն այժմ աւելի կը հետաքրքրէ արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն վերջին 2 տարիներուն ախոյեան դարձած է:
«Այժմ իրավիճակը այնպէս մըն է, որ արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը ինծի համար ամէնէն կարեւոր մրցաշարքն է», աւելցուց ան:


