Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Երիտասարդ Մարդուժի Արտադրամասը (Գ.)

December 28, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապագայ լրագրողներ»-ու մեր ծրագիրը կը շարունակէ մնալ «Ազդակ»-ի հեռանկարային կարեւորագոյն ծրագիրներէն մէկը: Այստեղ եւս պատերազմը որոշ առկախումներ պարտադրեց, բայց ծրագիրը շարունակուեցաւ: Շուրջ 20 տեսական եւ գործնական աշխատանքներ, այցելութիւններ, ռըփորթաժներու պատրաստութիւններ, հարցազրոյցներ, ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներ եւ ընկերային ցանցերու յատուկ տեսանիւթեր կազմեցին  այս տարուան աշխատանքին արգասիքը:

8 ապրիլ 2024-ին լոյս տեսաւ ապագայ լրագրողներուն յաւելուածը: 19 ապագայ  լրագրողներ իրենց երեխայրիքը ստորագրեցին «Ազդակ»-ի այս յաւելուածին մէջ: Հրատարակութեան ամբողջ բովանդակութիւնը հետեւողական աշխատանքի արդիւնքն էր, բացառապէս իրենց կողմէ արտադրուած:

Այս յաւելուածը քաջալերական է: Մեր մամուլին արխիւին յանձնելու նպատակը չէր հետապնդեր անշուշտ այս նախաձեռնութիւնը: Այստեղ թէ՛ նիւթերու ընտրութիւնը, թէ՛ ինքնագիրները, եւ թէ՛ նոր մտածում յայտնող գրութիւնները կը պահեն իրենց ինքնուրոյնութիւնն ու ստեղծագործական ոգին: Եւ այդ առումով երիտասարդ խմբագրական հմտութիւններ խոստացող ատաղձի վկայութիւն է այս հրատարակութիւնը:

Մեր աշակերտական, միութենական կեանքին եւ յատկապէս անոնց հրատարակութիւններուն կամ էջերուն հետեւող ընթերցողները պիտի նկատեն ծանօթ անուններ եւ դէմքեր: Դէմքեր, ստորագրութիւններ, որոնք երեւցած են «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ ամէն անգամ, որ թղթակցութիւն  մը լոյս տեսնէ «Ազդակ»-ին մէջ ապագայ լրագրողներու հերթական աշխատանքին մասին:

Պէտք է արձանագրել այստեղ այն, որ այս ծրագիրին մասնակցելու հայց ներկայացուցածներու առաջին փորձերը եւ ծրագիրին աւարտին անոնց ստորագրած գրութիւնները գրեթէ զարմացնելու աստիճան տարբեր են իբրեւ լեզուական որակ: Ինչ որ մեզի մտածել կու տայ, որ մամուլով հետաքրքրուած այս շրջանակին համար աւելի քան անհրաժեշտ է այս ծրագիրին շարունակութիւնը:

Մեր աշակերտներն ու ուսանողները ժամանակի խնդիր ունին: Վազքը հետզհետէ աւելի արագ է ու հեւքոտ: Անհրաժեշտ է ուսանելու առընթեր աշխատիլ, այսօրուան սղաճին հետ կարենալ եթէ ոչ քայլ պահելու, այլ քիչ մը պարտաւորութիւնները թեթեւցնելու: Այս վազքին մէջ նման վարժողական ծրագիրի հետեւիլը զոհողութիւն կը  թուի: Բայց ի վերջոյ փորձառութիւն ձեռք ձգել է, ճիգով, աշխատանքով յօդուած գրելու մեթոտներուն տիրապետել է:

Այս ծրագիրին պատասխանատուներն ու «Ազդակ»-ի խմբագրութեան աշխատակիցները եւս իրենց ժամանակէն կարեւոր բաժին կը տրամադրեն այս հեռահար նպատակին համար: Փաստը այն է, որ ոչ միայն յաւելուածին, այլ նաեւ թերթին մէջ  կը շարունակուին երեւալ անոնցմէ ոմանց ստորագութիւնները: ԼԵՄ-ի, Պատանեկանի, Զաւարեանի էջերով թէ առանձնապէս:

Դրութեան փոփոխութեան մասին կը մտածուի ծրագիրին պատասխանատուներուն կողմէ: 2025-ին փոխանակ նորեր  հաւաքագրելու, մինչ այժմ վարժողականէն անցած չորս խումբերը հաւաքելու եւ այլ ծրագիր կիրարկելու: Այս խումբերէն անոնք, որոնք հասան յօդուածագրութեան ակնկալուած մակարդակին, աշխատանոցներով, քննարկումներով եւ անոնցմէ բխած մտածումներուն մասին գրութիւններ պատրաստելով զանոնք ապագայ լրագրողներու աւելի յառաջացած մակարդակի հասցնելու ծրագիրն է որ մշակման ընթացքի մէջ է:

Ծրագիրի կիրարկումէն ետք միայն կարելի է խօսիլ արդիւնքներու մասին: Մինչ այդ արձանագրենք, որ թէ՛ յաւելուածը, թէ մեր միութիւներու հրատարակութիւններն ու էջերը կը յատկանշուին «Ազդակ»-ի ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրներուն հետեւած մեր երիտասարդ մարդուժի ներկայացուցիչներու ստորագրութիւններով:

Նախորդը

Համազգայինի Պատուիրակութիւնը Այցելութիւն Տուաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 185-ի Լուծում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.