Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 28, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ քաղաքական կողմեր տեղեակ պահուեցան, թէ լիբանանեան թղթածրարը Սէուտական Արաբիոյ մէջ արքունիքի խորհրդական Նիզար Ալուլայէն փոխանցուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհանին եւ անոր օգնականներուն: Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են. «Վերջինս տարեվերջէն ետք նախարարութենէն պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Լիբանան պիտի այցելէ»:

Մամլոյ տեղեկութիւններու համաձայն, «Ռիատ Լիբանանի մէջ նոր դեսպան պիտի նշանակէ միայն հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք, եւ այժմ Սէուտական Արաբիոյ մէջ 5 անուններ (դեսպանի պաշտօնին թեկնածու, «Ա.») կը քննարկուին, սակայն նոր դեսպանին անունը տակաւին չէ վճռուած»:

– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին կը յայտնէ, որ զինադադարի համաձայնութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք իսրայէլեան խախտումներու թիւը անցած է 800-ը:

Վարչապետի պաշտօնակատար Միքաթիի բողոքէն ետք, զինադադարի համաձայնութեան հսկող հնգեակ յանձնախումբի նախագահ ամերիկացի զօրավար Ճասփըր Ճեֆըրզ խոստացած է ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի դադրեցնէ իր խախտումները եւ 60 օրուան պայմանաժամի աւարտին հեռանայ լիբանանեան բոլոր հողերէն:

– ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ գոյութիւն ունին տեղեկութիւններ, թէ գործարար Սելիմ Միշել Էտտէի նախագահի պաշտօնին թեկնածութիւնը դարձեալ արեւմտեան, արաբական եւ նոյնիսկ լիբանանեան ընդունելութիւն կը գտնէ: Ան զաւակն է նախկին նախարար Միշել Էտտէի:

Փարիզի մէջ դիւանագիտական աղբիւր մը նաեւ կը նշէ, որ Էտտէի անունին կողքին ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ կը նշուի Վատիկանի մէջ նախկին դեսպան, լիբանանեան բանակի հետախուզութեան նախկին ղեկավար զօր. Ժորժ Խուրիի անունը:

– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին կը յայտնէ, որ նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները կը վերաբերին առաջադրուած թեկնածուներու անուններու, եւ այժմ վերստին կ՛առաջարկուի նախկին նախարար Ժիհատ Ազհուրի անունը` մրցելու համար այլ թեկնածուներու հետ, որոնց գլխաւորը լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունն է:

– ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց. «Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջապէս իր խոր քունէն արթնցաւ եւ նշմարեց, թէ Սուրիոյ մէջ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ»:

«Ապահովական մարմինները կրնա՞ն նոյն բանը ընել եւ ձերբակալել նախկին վարչակարգին բարձրաստիճան պաշտօնատարները, որոնք սահմաններէն կ՛անցնին եւ օդակայանի ճամբով փախուստ կու տան», հարց տուաւ Ժոմպլաթ:

– ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի գրասենեակը հերքեց մամլոյ այն տեղեկութիւնները, թէ «Լիբանան միջնորդներու ճամբով տեղեկացած է, թէ Իսրայէլը զինադադարին յաջորդող 60 օրուան պայմանաժամի աւարտէն ետք հարաւային Լիբանանէն պիտի չհեռանայ»:

– «ԺԻՀԱՏ ԷԼ ՊԻՆԱ» ընկերութեան պատասխանատուներէն Ատել Ահմետ «Նաշրա»-ին յայտնեց. «Տակաւին առաջին փուլին մէջ ենք, որ թեթեւօրէն վնասուած յարկաբաժիններու զննումի աշխատանքն է»:

 

Նախորդը

Ասատի Վարչակարգէն Պաշտօնատարներու Ձերբակալութիւն

Յաջորդը

Խօսքը Սէուտական Արաբիոյ Ուղղելով` Շէյխ Քապալան. «Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Կայունութիւնն Ու Կազան Փրկելը Շրջանին Պաշտպանութեան Եւ Ապահովութեան Համար Հրատապ Անհրաժեշտութիւն Են»

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.