Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Հայաստանի Կողմէ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի Անբաժանելի Մաս Ճանչնալէն Ետք, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Պէտք Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Լուծարելու Առաջարկ Ընեն»

December 27, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, ինչպէս նաեւ Մինսքի խորհրդաժողովի միւս կառոյցները, պէտք է լուծարուին, եւ ատոր լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միացեալ առաջարկը: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Ան յիշեցուցած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները փետրուար 2022-ին դադրեցուցած են իրենց ռուս գործընկերներուն հետ հաղորդակցութիւնը:

«Այլ բաներու շարքին, այս հաղորդակցութեան դադրեցումով եւ Հայաստանի կողմէ Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի անբաժանելի մաս ճանչնալով Հայաստան-Ազրպէյճան-Եւրոպական Միութիւն-Ֆրանսա վեհաժողովի արդիւնքներով (յիշեցնեմ, որ անիկա տեղի ունեցաւ Փրակայի մէջ 6 հոկտեմբեր 2022-ին), իսկ սեպտեմբեր 2023-ին երկրի կացութեան արմատական փոփոխութեամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խորհրդաժողովի համանախագահներու լիազօրութիւնը 2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման ծիրին մէջ կորսնցուցած է իր արդիականութիւնը»:

Դիւանագէտին համաձայն, այդպիսով Մինսքի խորհրդաժողովի բոլոր կառոյցները, ներառեալ ոչ միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, այլ նաեւ բարձր մակարդակի ծրագրաւորման խումբը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի հայաստանեան գծով անձնական ներկայացուցիչի պաշտօնը պէտք է լուծարուին:

«Մենք կը կարծենք, որ այդ առնչութեամբ համապատասխան որոշում տալու լաւագոյն տարբերակը Պաքուի եւ Երեւանի միացեալ առաջարկն է` լուծարելու այդ հաստատութիւնները», ընդգծած է Զախարովա:

 

Նախորդը

Ծովեզերեայ Շրջաններուն Եւ Հոմսի Մէջ Բախումներէ Ետք, Սուրիոյ Նոր Իշխանութիւնը Ապահովական Խիստ Քայլեր Կ՛որդեգրէ

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Աւստրալիոյ Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.