Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ Վիրաւորուեցաւ Եւ Տալաս Պարտուեցաւ

December 27, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Թեքսասի մէջ Տալաս Մեւրիքս 105-99 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անցեալ տարեշրջանի Արեւմտեան շրջանի աւարտականի մրցակից Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզէն:

Տոնչիչ երկրորդ մասին կաղալով դուրս եկաւ, իր վերադարձի երկրորդ մրցումին, որուն ընթացքին արդէն նոր ապաքինած էր:

Հակառակ ասոր, Տալաս, որ 3-րդ մասին ետ կը մնար 28 կէտով, կրցաւ վերագտնել ինքզինք եւ տարբերութիւնը նուազեցուց 2 կէտի, սակայն Մինեսոթա կրցաւ աւարտել մրցումը կարեւոր յաղթանակով:

Քայրի Ըրվինկ 39 կէտ նշանակեց, բայց վճռական պահուն չկրցաւ նշանակել 3 կէտնոց կողով մը, երբ տարբերութիւնը 2 կէտ էր: Տոնչիչ նշանակած էր 14 կէտ:

Անթոնի Էտուըրտծ 26 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որուն մարզիկներէն Ճուլիըս Ռենտըլ (23 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եւ Ռուտի Կոպեր (14 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) շատ լաւ ձեւով պաշտպանեցին մանաւանդ վերջին մասին:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ վերջին երկվայրկեանին կրցաւ յաղթել Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին, բայց օրուան հերոսը Լըպրոն Ճէյմս – Անթոնի Տէյվիս զոյգը չէր: Օսթըն Ռիվզ ինք էր, որ նշանակեց վճռական 2 կէտերը ի նպաստ Լէյքըրզի, որ 115-113 արդիւնքով յաղթեց Կոլտըն Սթէյթի:

Սթեֆ Քըրի 38 կէտ նշանակեց եւ իր 8-րդ 3 կէտնոց կողովը արդիւնքը հաւասարեցուցած էր 113-ի վրայ, մրցումին աւարտէն 7 երկվայրկեան առաջ:

Ռիվզ թրիփըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 26 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ ի նպաստ Լէյքըրզի, որ իր աստղերէն Անթոնի Տէյվիսը կորսնցուց առաջին մասի աւարտին վիրաւորուելէ ետք:

Լըպրոն Ճէյմս, որ իր 19-րդ Ս. Ծննդեան տօնի օրուան մրցումը կը կատարէր (մրցանիշ), 31 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց:

Թայրիս Մեքսի հերոսացաւ եւ 4-րդ մասին նշանակեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի 36 կէտերէն 13-ը, Պոսթըն Սելթիքսի դաշտին վրայ, եւ Ֆիլատելֆիա 118-114 արդիւնքով յաղթեց:

Ժոել Էմպիիտ վերադարձած էր եւ հակառակ իյնալուն մրցումէն առաջ տաքնալու պահուն կրցաւ լաւ մրցում մը ունենալ նշանակելով 27 կէտ եւ 9 ռիպաունտ: Մեքսի 33 կէտ եւ 12 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի, որ Էմպիիտի ներկայութեան բոլորովին տարբեր մակարդակի պասքեթպոլ կը ցուցաբերէ:

Սելթիքսի յաջորդական երկրորդ պարտութիւնն էր, 4 կէտերով ալ պարտուելէ ետք Օրլանտօ Մեճիքէն 2 օր առաջ:

Ճէյսըն Թէյթըմ 32 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ճէյլըն Պրաուն (23 կէտ) եւ Տերեք Ուայթ (24 կէտ) լաւ ելոյթներ ունեցան:

Երէկուան մրցումներուն ամէնէն աւելի կէտերը նշանակեց Վիքթոր Ուեմպանեամա, որ 42 կէտ եւ 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Սան Անթոնիօ Սփըրզի, որ սակայն 3 կէտերով պարտութիւն մը կրեց Նիւ Եորք Նիքսէն, այս վերջինին դաշտին վրայ (117-114):

Ֆինիքս Սանզ 3 յաջորդական պարտութիւններէ ետք 10 կէտի առաւելութեամբ կրցաւ յաղթել 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթցի (110-100): Քեւըն Տիւրենթ 27 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սանզի, մինչ Նիքոլա Եոքիչ 25 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տենվըրի:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆինիքս Սանզ – Տենվըր Նակեթց 110-100
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 113-115
Պոսթըն Սելթիքս – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 114-118
Տալաս Մեւրիքս – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 99-105
Նիւ Եորք Նիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 117-114

 

Նախորդը

Հայաստանի 2024-ի Լաւագոյն Մարզիկները. Վարազդատ Լալայեան, Արթուր Դաւթեան Եւ Արթուր Ալեքսանեան

Յաջորդը

Թրամփ Դարձեալ Կ՛առաջարկէ Քանատան Միացեալ Նահանգներու 51-րդ Նահանգին Վերածել Եւ Փանամայի Ջրանցքին Վերստին Տիրել

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.