Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահացած Է Հեղինակաւոր Ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չառնի

December 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկը հաղորդեց, որ հեղինակաւոր ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չառնի իր մահկանացուն կնքած է. ան 93 տարեկան էր:

«Դոկտոր Չառնի ցեղասպանագիտութեան բնագաւառի ռահվիրաներէն էր եւ մարդկային իրաւունքներու հաստատակամ ջատագովը: Ան մեր հիմնարկի Genocide Studies International ակադեմական ամսագիրի հիմնադիր համախմբագիրներէն էր. ան առանցքային դեր ունեցած է  ցեղասպանագիտութեան կարգապահութեան ձեւաւորման գործին մէջ, ոչ միայն ամսագիրը, այլ նաեւ` Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը համահիմնադրելով եւ այդ նիւթով բազմաթիւ յօդուածներ, հատորներու գլուխներ ու գիրքեր գրելով եւ նոյնիսկ ցեղասպանութեան մասին հանրագիտարան մը կազմելով: Անոր ներդրումը այնքան խոր էր, որ անոր երեք գիրքերը Ամերիկեան գրադարանային միութեան կողմէ արժանացած են հեղինակաւոր «Տարուան լաւագոյն ակադեմական գիրք» մրցանակին», կ՛ըսուի հիմնարկին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Շարք մը համալսարաններու մէջ դասախօսած Չառնի նաեւ Երուսաղէմի Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի գործադիր տնօրէնը եղած էր:

Նշենք, որ Չառնի եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին ջատագով մը` յատկապէս ջանալով այդ մէկը իրականացնել Իսրայէլի մէջ:

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կը ցնցէ, կը յուզէ, յարգանք կը պարտադրէ եւ մեղաւորներուն նկատմամբ բուռն զայրոյթով կը համակէ», յայտարարած էր Չառնի 2015-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» երկօրեայ համաշխարհային հաւաքին ընթացքին:

Իսկ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Չառնի ըսած էր, որ իսրայէլցիներուն մեծամասնութիւնը Հայաստանի հետ է, եւ սրտնեղած է Իսրայէլի կառավարութեան «տգեղ դերակատարութենէն»` ակնարկելով Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու իրականութեան:

 

Նախորդը

Ոչ Թէ Աքտամար, Այլ` Աղթամար

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Քննարկում Խաղաղութիւնը Առանց Ժողովուրդների Մասնակցութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.