Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քումաթի. «Այն Երազը, Թէ Լիբանանը Պէտք Է Առանց Դիմադրութեան Զէնքին Մնայ, Եւ Անոր Կարիքը Չկայ, Պիտի Չիրականանայ»

December 23, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի յայտնեց. «Քաղաքական գետնի վրայ առաւելագոյն մակարդակով համագործակցող եւ դրական պիտի ըլլանք, որովհետեւ այդպէս էինք եւ տակաւին այդպէս ենք ու պիտի մնանք, որովհետեւ կը կարծենք, որ այս հայրենիքը արդիւնքներու հասնելու համար կարիքը ունի լիբանանեան բոլոր կողմերուն միջեւ փոխհասկացողութեան, քաղաքական երկխօսութեան եւ գործակցութեան, եւ մենք կ՛ըսենք, որ բոլոր հարցերը երկխօսութեան ենթակայ են, մենք պատրաստ ենք անոնց շուրջ երկխօսութիւն կատարելու, իսրայէլեան յարձակումէն ետք կառուցելու համար այս երկիրը` Լիբանանը, ուստի ամենայն հասկացողութեամբ պիտի հասնինք նախագահական գործընթացին, իսկ լիբանանեան հայրենասիրական զոյգը նախագահական գործընթացին եւ բոլոր միւս գործընթացներուն նկատմամբ մէկ դիրքորոշում պիտի ունենայ` այս երկիրը վերականգնելու եւ վերաշինելու համար»:

«Եթէ հայրենիքին մէջ իսկական գործընկերներ ենք, պէտք է մշակենք այս հայրենիքը պաշտպանելու ատակ պաշտպանական ռազմավարութիւն մը, որովհետեւ բանակը առանձինը չի կրնայ թշնամին դիմակայել, եւ բոլորս ատիկա գիտենք, եւ երանի կարենար, որովհետեւ մենք դէմ չենք, որ ան կարենայ առանձինը դիմակայել: Ուստի կարիքը կայ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար Դիմադրութեան եւ բանակին միջեւ անհրաժեշտ եւ անխուսափելի գործընկերութեան, եւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ եւ տեղի կ՛ունենայ մեր ամբողջ շրջապատին մէջ, ատոր փաստն է: Մենք չենք ընդունիր, որ Լիբանանը շրջանային եւ միջազգային օրակարգերէն քշուի», ըսաւ Քումաթի:

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահը նաեւ շեշտեց. «Ոմանց երազն ու չարասիրտ մաղթանքները, թէ Լիբանանը պէտք է առանց Դիմադրութեան զէնքին մնայ եւ անոր կարիքը չունի, պիտի չիրականանան: Մենք կ՛ըսենք, որ բանակին ու Դիմադրութեան միջեւ հասարակաց եւ ժողովուրդի աջակցութեամբ եղող օրինական զէնքը անխուսափելի է եւ անհրաժեշտ: Ասիկա է այն միակ միջոցը, որ Լիբանանը կը պաշտպանէ: Մենք մեր հայրենիքը, անոր ուժը, անոր ազգային պաշտպանութեան ուժը չենք լքեր արտասահմանին կապուած ոմանց սիրոյն, կամ ոմանց կեղտոտ լեզուներուն ու լրատուական անբարոյութեան համար, ատիկա տեղի պիտի չունենայ»:

«Դիմադրութեան երթը յառաջիկայ սերունդներուն երթն է, ոչ թէ որովհետեւ Դիմադրութիւնը ինքնանպատակ է, այլ որովհետեւ հպարտութեան, արժանապատուութեան, յաղթանակի, անկախութեան, ազատութեան, կրօնի, բարոյականութեան ու մարդկայնականութեան պաշտպանութեան ուղի  է, ուստի զայն պիտի չլքենք: Իսկ այն ամբաստանութիւնները, թէ Դիմադրութիւնը իրանեան է իրանեան ծրագիրի համար, եւ սուրիական է սուրիական ծրագիրի համար, անիկա Դիմադրութիւն է շրջանային ծրագիրի համար եւ ոչ թէ ազգային լիբանանեան տեղական ծրագիր, ապա այս պնդումները կը փորձեն ապակողմնորոշել եւ աղարտել այս Դիմադրութիւնն ու անոր նպատակը, մանաւանդ որ մեր ծրագիրը լիբանանեան ազգային ծրագիր մըն է, որ հայրենիքը կը պաշտպանէ արտաքին թշնամիներէն, եւ ոչ թէ ներքին համայնքային կամ այս կամ այն պետութեան կապուած արտաքին շրջանային որեւէ նպատակի համար», շեշտեց Քումաթի:

Նախորդը

Մակրոյի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ընտրելու Բարեկարգչական Ծրագիր Գործադրելու Եւ Լիբանանը Գերիշխան Պետութեան Կացութեան Փոխադրելու Ունակ Նախագահ Մը

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանցիներուն Հետ Կը Սպասենք Ամօթալի Դատարկութենէն Ետք Ներկայ Փուլին Յարմար Նախագահի Ընտրութեան»

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.