Երէկ Ցիւրիխի մէջ տեղի ունեցաւ 2026-ի Մոնտիալի Եւրոպայի զտումի մրցումներու վիճակաձգութիւնը, ուր Հայաստան մաս կը կազմէ Զ. խմբակին` Հունգարիոյ, Այիրի, ինչպէս նաեւ Փորթուգալ – Դանիա մրցումին յաղթականին հետ միասին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք խմբակները` նկատի ունենալով, որ Ազգերու լիկայի քառորդ աւարտականի մրցումներէն (մարտին) ետք կը յստականան կարգ մը խմբակներուն վերջնական կազմերը:
Ա. ԽՄԲԱԿ
Գերմանիա – Իտալիա մրցումին յաղթականը, Սլովաքիա, Հիւսիսային Իրլանտա եւ Լիւքսամպուրկ:
Բ. ԽՄԲԱԿ
Զուիցերիա, Շուէտ, Սլովենիա եւ Քոսովօ:
Գ. ԽՄԲԱԿ
Փորթուգալ – Դանիա մրցումին պարտուող խումբը, Յունաստան, Սկովտիա եւ Պիելոռուսիա:
Դ. ԽՄԲԱԿ
Ֆրանսա – Խրուաթիա մրցումին յաղթականը, Ուքրանիա, Իսլանտա եւ Ազրպէյճան:
Ե. ԽՄԲԱԿ
Սպանիա – Նետերլանտներ մրցումին յաղթականը, Թուրքիա, Վրաստան եւ Պուլկարիա:
Զ. ԽՄԲԱԿ
Փորթուգալ – Դանիա մրցումին յաղթականը, Հունգարիա, Այիր եւ Հայաստան:
Է. ԽՄԲԱԿ
Սպանիա – Նետերլանտներ մրցումին պարտուող խումբը, Լեհաստան, Ֆինլանտա, Լիթուանիա եւ Մալթա:
Ը. ԽՄԲԱԿ
Աւստրիա, Ռումանիա, Պոսնիա, Կիպրոս եւ Սան Մարինօ:
Թ. ԽՄԲԱԿ
Գերմանիա – Իտալիա մրցումին պարտուող խումբը, Նորվեկիա, Իսրայէլ, Էսթոնիա եւ Մոլտովա:
Ժ. ԽՄԲԱԿ
Պելճիքա, Կալես, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Ղազախստան եւ Լիխթընշթայն:
ԺԱ. ԽՄԲԱԿ
Անգլիա, Սերպիա, Ալպանիա, Լաթվիա եւ Անտորրա:
ԺԲ. ԽՄԲԱԿ
Ֆրանսա – Խրուաթիա մրցումին պարտուող խումբը, Չեխիա, Մոնթենեկրօ, Ֆարօ կղզիներ եւ Ճիպրալթար:
Նշենք, որ 16 խումբեր պիտի մասնակցին 2026-ի մոնտիալին: 12 խմբակներուն պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբերը ինքնաբերաբար պիտի հասնին մոնտիալին, մինչ Բ. դիրքը գրաւող խումբերը (12) եւ լաւագոյն 4 խումբերը, որոնք լաւ արդիւնքներ արձանագրած են զտումի մրցումներուն կամ Ազգերու լիկային լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած են, պիտի մասնակցին փլէյ-օֆի մրցումներուն, որոնցմէ ետք պիտի զտուին Մոնտիալին մասնակից 4 մնացեալ խումբերը:


