«Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան մարզադաշտին վրայ, հինգշաբթի գիշեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Քոնֆերենս լիկ»-ի 5-րդ շաբթուան մրցումներուն, Նոա 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Կիպրոսի Ափոյելէն:
Մարոքցի Իսամ Շեպաքէ 23-րդ վայրկեանին քոռնըրէ մը ետք նշանակեց Ափոյելի կոլը: 45-րդ վայրկեանէն ետք եւ կիսախաղ չեղած պրազիլցի Մաթէոս Այաս նշանակեց Նոայի հաւասարութեան կոլը: Բ. կիսախաղի վերջերուն, հիանալի հարուածով Վիրժիլ Փինսոն նշանակեց Նոայի 2-րդ կոլը (83-րդ վայրկեանին), սակայն գնդակը դպած էր անոր ձեռքին, եւ ՎԱՐ-ը մերժեց այդ կոլը:
89-րդ վայրկեանին կիրակի Քոսթատինով նշանակեց Ափոյելի 2-րդ կոլը, որմէ ետք Նոա ամբողջական յարձակումի անցաւ հաւասարելու նպատակով, բայց հակայարձակումով մը Տաւիտ Ապանիա նշանակեց կոլ մը եւս:
«Շատ լաւ խաղ էր, առաջին վայրկեաններուն մրցակիցը աւելի գնդակին տիրապետած էր, բայց աւելի ուշ մենք առինք մրցումին ղեկը: Մեր լաւագոյն պահը առաջին կիսախաղին կոլի առաջնորդած մեր յարձակումն էր: Մենք կոլ նշանակեցինք նաեւ Բ. կիսախաղին, բայց չհաշուեցին: Մեզի երկու փենալթիներ կային, նախ առաջին կիսախաղին Տաշեանի վրայ ֆաուլի պահուն, իսկ երկրորդ կիսախաղին, երբ գնդակը դպաւ Ափոյելի մարզիկին ձեռքին: Գոհ եմ խումբէն, անոր ցուցաբերած պայքարէն, պէտք է այդպէս շարունակէ», ըսաւ Նոայի փորթուգալցի մարզիչ Ռոսի Մոթթա: «Շնորհակալ եմ համակիրներուն, որոնք մինչեւ վերջին վայրկեան քաջալերեցին խումբը: Փորձեցինք 3 կէտեր շահիլ, բայց այսօր չկրցանք: Նոյն ձեւով պէտք է խաղանք Պաչքայի դէմ»: Նշենք, որ 20 դեկտեմբերին Նոա պիտի մեկնի Սերպիա` մրցելու Պաչքա Թոփոլայի դէմ:
Առաջին դիրքը կը գրաւէ Չելսի, որ 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ղազախստանէն` Ասթանայի դէմ մրցումին: Կույու (2) եւ Ռենաթօ Վէյկա նշանակեցին Չելսիի երեք կոլերը` արձանագրելով յաջորդական 5-րդ յաղթանակը:
Ստորեւ` կարեւորագոյն արդիւնքները.
Կենթ – Թէ. Էս. Սէ. 3-0
Սենթ Կալ – Վիթորիա Կիմարայել 1-4
Թէ. Էն. Էս- Փանաթինայքոս 0-2
Ֆիորենթինա – Լասք 7-0
Ֆ. Ք. Քոփենհակըն – Հարթս 2-0
Նոա – Ափոյել 1-3
Ասթանա – Չելսի 1-3
Վիքինկուր Ռեյքիավիք – Տիորկարտըն 1-2
. «Եուրոփա լիկ»-ի 6-րդ շաբթուան մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Ռէյնճըրզ – Թոթենհամ 1-1
Լիոն – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 3-2
Փորթօ – Միտթիլենտ 2-0
Սլաւիա Փրակա – Անտըրլեխթ 1-2
Այաքս – Լացիօ Ռոմա 1-3
Ռէալ Սոսիետատ – Տինամօ Քիեւ 3-0
Փլզեն – Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-2


