«Փրեմիեր լիկ»-ի 16-րդ հանգրուանի ամէնէն սպասուած մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը, ժամը 18:30-ին, երբ Մանչեսթըր քաղաքի երկու խումբերը` Սիթին եւ Եունայթըտը իրար դէմ պիտի մրցին:
Սիթի, որ վերջին 7 տարիներուն 6 անգամ շահած է «Փրեմիեր լիկ»-ը, վերջերս շատ լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր, եւ իր կատարած վերջին 10 մրցումներուն կրած է 7 պարտութիւն եւ յաղթած միայն 1 մրցումի:
Վերջերս Ռիօ Ֆեռնտինանտ, որ նախապէս Եունայթըտի կեդրոնի պաշտպան էր, իսկ այժմ` ֆութպոլի մասնագէտ-խօսնակ, յայտնած էր, թէ մարզիչ Կուարտիոլան պէտք է ձեւ մը գտնէ, որ խումբը աշխուժացնէ, մարզիկներուն ֆիզիքական վիճակը վերականգնելու եւ ինքնավստահութիւնը վերադարձնելու համար: Իրապէս ալ խումբին մէջ սխալ բան մը կայ: Անոնք որոշ չափով նոյնիսկ եթէ լաւ խաղան կամ առիթներ ստեղծեն, շատ անգամ դիւրին ձեւով չեն կրնար կոլ նշանակել: Նախապէս Սիթիի որեւէ մարզիկ որեւէ կացութեան տակ շատ դիւրութեամբ կոլ կը նշանակէր, մինչ վերջերս ատիկա շատ դժուարացած է:
Միւս կողմէ, Եունայթըտ, որ Անգլիոյ պատմութեան ամէնէն աւելի տիտղոսներ շահած խումբն է, 2013-էն ի վեր կորսնցուցած է իր փայլքը եւ առանց պատմական մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի շատ պարզ ակումբ մը դարձած է:
11 նոյեմբերէն նոր մարզիչ նշանակելով, Եունայթըտ քիչ մը աւելի լաւ. նոր մթնոլորտի մէջ աւելի խանդավառ ձեւով սկսաւ խաղալ Ռոպեն Ամորիմի հետ, ուր 6 մրցումներու ընթացքին 3 յաղթանակ կրցաւ արձանագրել:
Այս տարի 2024-ին Սիթի եւ Եունայթըտ 3 անգամ մրցած են իրար դէմ, 3 մարտին Սիթի 3-1 արդիւնքով յաղթած էր «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով, ապա Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի աւարտականին Եունայթըտ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր, մինչ փենալթիները վճռած էին Անգլիոյ, գերբաժակը կամ «Չերիթի Շիլտ»-ի բաժակը, որ կուարտիոլացի տղաքը բարձրացուցած էին:
Պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ այսօր պիտի հիւրընկալէ Ֆուլհամը, մինչ երկրորդ դիրքը գրաւող Չելսի վաղը պիտի հիւրընկալէ Պրենթֆորտը, որ 9-րդ դիրքը կը գրաւէ: «Փրեմիեր լիկ»-ի ամէնէն զօրաւոր խումբը իր դաշտին վրայ Պրենթֆորտն է, որ 8 մրցումներէն 7-ն յաղթանակով աւարտած է` հաւասարելով միւս մրցումը (Ուեսթ Համի դէմ):
Ստորեւ` 16-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Արսենալ – Էվըրթըն
Լիվըրփուլ – Ֆուլհամ
Նիւքեսըլ – Լեսթըր Սիթի
Վուլվզ – Իփսուիչ
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Ասթոն Վիլա
ՎԱՂԸ
Պրայթըն – Քրիսթըլ Փելես
Մանչեսթըր Սիթի – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Չելսի – Պրենթֆորտ
Սաութհեմփթըն – Թոթենհամ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Պորնմաութ – Ուեսթ Համ
Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 14-րդ հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
ԱՅՍՕՐ
Աուկզպուրկ – Պայեր Լեւերքուզըն
Մայնց – Պայերն Միւնիխ
Մէօնշընկլատպախ – Հոլշթայն Քիլ
Ունիոն Պերլին – Պոխում
Զանքթ Փաուլի – Վերտըր Պրեմըն
ՎԱՂԸ
Հայտընհայմ – Շթութկարթ
Տորթմունտ – Հոֆենհայմ
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
ԱՅՍՕՐ
Էսփանիոլ – Օսասունա
Մայորքա – Ժիրոնա
Սեւիա – Սելթա Վիկօ
Ռայօ Վայեքանօ – Ռէալ Մատրիտ
ՎԱՂԸ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Խիթաֆէ
Ալավես – Աթլեթիք Պիլպաօ
Վիարէալ – Պեթիս
Ռէալ Սոսիետատ – Լաս Փալմաս
Պարսելոնա – Լեղանես
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 16-րդ հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
ԱՅՍՕՐ
Քալիարի – Աթալանթա
Ուտինեզէ – Նափոլի
Եուվենթուս – Վենեցիա
ՎԱՂԸ
Լեչէ – Մոնցա
Պոլոնիա – Ֆիորենթինա
Փարմա – Վիրոնա
Քոմօ – Ա. Էս. Ռոմա
Ա. Սէ. Միլան – Ճենովա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Լացիօ Ռոմա – Ինթեր Միլան
Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 15-րդ հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
ԱՅՍՕՐ
Մարսէյ – Լիլ
Օքսեռ – Լանս
Ռենս – Մոնաքօ
ՎԱՂԸ
Մոնփելիէ – Նիս
Ռենն – Անժէ
Լըհաւր – Սթրազպուրկ
Պրեսթ – Նանթ
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Լիոն


